Հասարակութիւնը պարբերաբար կը տեղեկացուի Հայաստանի հետ խաղաղութեան օրակարգի առաջնահերթութիւններու մասին։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը՝ խօսելով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ներկայ վիճակի մասին։
Անոր խօսքով՝ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու վերաբերեալ «բաց հարցերու թիւը զգալիօրէն նուազած է»։
Միեւնոյն ժամանակ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նշած է, որ ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ դեռ կը մնայ «Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջը»։
«Լիարժէք խաղաղութեան հասնելու համար այս գործօնը պէտք է վերացուի», -աւելցուցած է ան։