Սուրիահայ մեր հայրենակցուհի՝ Կալին Գալայճեան օրերս, սուրիահայ դիմորդներուն մէջ առաջին դիրքը գրաւած է Սուրիոյ երկրորդական վարժարաններու Պաքալորիայի աւարտական քննութեանց։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Սուրիոյ իր աղբիւրներէն։
Կը նշուի, որ ծնունդով Լաթաքիացի եւ Լաթաքիոյ յաջողակ աշակերտներու «Իպրահիմ Պըլայտի» վարժարանին մէջ ուսումնառութիւնը աւրատած Կալին 2400 կէտի վրայ հաւաքած է 2393 միաւոր, դառնալով առաջինը ամբողջ Սուրիոյ հայ աշակերտութեանց մէջ։
Աւարտին յիշեցնենք, որ ան դուստրն է Լաթաքիոյ հայկական համայնքի յարգուած անդամներէն՝ հանգուցեալ բժիշկ Ռաֆֆի Գալայճեանին, միաժամանակ հանդիսանալով ազգականը Դամասկահայ վերլուծաբան՝ Տիար Սարգիս Պուռունսուզեանին։
Ուշագրաւն այն է , որ հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող ծանրագոյն պայմաններուն կրթական կեանքը կը շարունակուի մեծ թափով եւ յառաջիկային եւս ոլորտը պիտի ապրի նոր մակարդակի նուաճումներ։