Յունիս 26-ին ՀՀ ֆինանսներու նախարար Վահէ Յովհաննիսեան եւ Զարգացման ֆրանսական գործակալութեան Եւրասիոյ տարածաշրջանային տնօրէն Մաթիւ Վասյէր ստորագրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Զարգացման ֆրանսական գործակալութեան միջեւ թիւ CAM 1024 01 C վարկային համաձայնագիրը»՝ քաղաքականութեան վրայ հիմնուած վարկի տեսքով պիւտճէթային աջակցութեան ծրագրի ներքոյ 75 միլիոն եւրօ վարկային միջոցներու ստացման նպատակով:
Ֆրանսական կողմէն վարկային համաձայնագիրը համաստորագրած է նաեւ ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին:
Ֆինանսներու նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ ծրագրի նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի Կառավարութեան՝ հանրային ծառայութիւններու մատուցման արդիւնաւէտութիւնը եւ կայունութիւնը ու ֆինանսական ոլորտի զարգացումը բարելաւելու հարցով: Այն կազմուած է երեք հիմնական բաղադրիչներէ՝ 1) հանրային ֆինանսներու կառավարման համակարգի բարելաւում, 2) պետական արժեթուղթերու թողարկման եւ կառավարման շրջանակի ու փողի շուկաներու ենթակառուցուածքի ամրապնդում եւ 3) ձեռնարկատիրական գործունէութեան ֆինանսաւորման նոր գործիքներու մշակում եւ առաւել թափանցիկ կառավարման ապահովում։
Պիւտճէթային ֆինանսաւորումը կը հանդիսանայ բազմամեայ ծրագրի մաս, որ կ՚իրականացուի Ասիական զարգացման դրամատան հետ համատեղ: