Ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ՝ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝
Մեր բախտաւորութիւնը եղաւ տեսնել այս տղոց ու առնչուիլ անոնց հետ, բայց հոն առկայ է նաեւ մեր դժբախտութիւնը, քանզի մենք վկայեցինք թէ այդ հերոսութիւնը եւ անձնազոհութիւնը ինչպէս աժանացաւ, ու դեռ կը սակարկուի, կը գնուի ու կը ծախուի։
Իսկ հիմա, այսօր, ինչքան կ՚ափսոսամ, ինչքան կը ցաւիմ որ օրին այդ հերոսներուն նուիրուած եւ իրենց գործը փառաբանող գրածս տողերուն բառ մ՚իսկ չեմ կրնար աւելցնել , յաւելեալ տող մ՚իսկ չեմ կրնար ձօնել , պարզ այն պատճառին համար որ հիմա արդէն կը հասկնամ թէ անոնց իսկական եւ արժանի տեղը, մեր հայու սրտերն են, մեր սրտերու շատ-շատ խորերն են. այլ ոչ թէ մեր շրթներուն վրայ՝ այն ալ հարբած շրթներու վրայ ուր իսկական հերոսներու իսկական արժէքը մինչեւ վերջ կը պղծուի։
Փառք մեր ազգի բոլոր զոհուած եւ ապրող հերոսներուն։ Անսահման յարգանք բոլոր անոնց, որոնք ԻՍԿԱԿԱՆ եւ անշնորհակալ զոհողութիւններու ճամբով կը ծառայեն ընդհանուրին։
Հերոսներու եւ Հերոսութեան Մասին
Մինչ Յուլիս ամիսը շատերու համար արձակուրդներու, հանգիստի եւ հարսանիքներու ամիս է, իմ խանգարուած ու նախապաշարուած հոգւոյս համար - ու շարք մը պատճառներով - Յուլիսը նաեւ մեր ազգի հերոսներուն ամիսն է։
Յաճախ հարց տուած եմ, թէ ո ՞վ է հերոսը, ի ՞նչն է որ մարդս հերոսութեան կոչումին կ՚արժանացնէ։ Անշուշտ այս հարցին ամենէ պարզ պատասխանը պիտի ըլլայ այն, թէ իւրաքանչիւր անձի համար հերոսութեան չափանիշը կրնայ տարբեր ըլլալ։ Բայց կա ՞յ հասարակաց չափանիշ, տեղ մը ուր այլեւս անարարկելի կը դառնայ հերոսի...հերոսութիւնը։ Օրինակ, զաւկի մը համար իր ծնողներէն մին կամ երկուքը կրնան հերոսներ ըլլալ, բայց բնականաբար անոնք աւելի լայն հանրութեան մը համար ոչինչ կը ներկայացնեն։
Դասական սահմանումով, այսինքն այն ինչը որ բառարաններու մէջ պիտի գտնենք, հերոսը այն մարդն է որ հիացմունքի կ՚արժանանայ իր քաջութեան, մէկ արարքին, կամ ալ ընդհանրութեան տուած իր նպաստին համար։
Հետեւաբար, հերոսը մէկն է որ իր անձէն անդին, անհատական յաջողութենէ անդին, եւ հաւաքական նպատակի մը համար, լուրջ զոհողութիւն մը կատարած պէտք է որ ըլլայ։ Օրինակ, լոթըրի շահիլը, որքան ալ որ մեծ յաջողութիւն մը կրնայ ըլլալ, հերոսութիւն չէ։ Կամ, բեմերու վրայ փայլող արուեստագէտը, որքան ալ որ հմայիչ ըլլայ, կամ որքան ալ որ գնահատուի՝ հերոս չի կրնար համարուիլ։
Այսօր, խոտի պէս հերոսներ կը ծնին ամէն կողմ։ Ծառին վրայ մագլցած կատուն յաջողութեամբ վար բերող փրկիչ մարդը, լուրերու հաղորդումներուն մէջ որպէս հերոս կը ներկայացուի։ Կամ, այրուող տան մը լուրը հրշէջներուն փոխանցողը, իր հերոսութեամբ կ՚ողջունուի։ Գլուխէն մի քանի հարուած ստացած ցուցարարը՝ թափնեաց պսակին կ՚արժանանայ։ Մէկ խօսքով, նսեմացած է հերոսութեան գինը, բայց իսկապէս so what? Ինչու ՞ պէտք է որ հոգ ընենք. թող որ ամէն 10 մարդուն 9-ը հերոս ըլլան...ինչու ՞ պէտք է տագնապիլ։
Կը կարծեմ թէ ես ու ինծի սերնդակից հայերս բախտաւոր եղանք, որովհետեւ վկայեցինք գոյութիւնը, եւ աւաղ մահը, քաջերու որոնց շատ բնականաբար եւ առանց երկար մտածելու՝ հերոս «կոչում»ը շնորհեցինք։ Մինչ այդ, մեր հերոսները գիրքերու էջերէն մեզի հասած, սեւ ու սպիտակ պատկերներէ դուրս ցատկող մարդիկն էին՝ հսկաներ։ Անոնք ծանօթ էին միայն մեր հոգիներուն, եւ անոնց մասին մեր կարդացած ու լսած պատումներու ընդմէջէն՝ անոնք ծանօթ էին մեր աչքերուն եւ ականջներուն։ Եւ ահա, մենք նաեւ ունեցանք մեր ժամանակներու հերոսներ որոնց կրցանք առնչուիլ ֆիզիքապէս, գրկեցինք զանոնք, եւ օր մըն ալ՝ անոնցմէ ոմանք թաղեցինք։ Կասկած չկար որ այս տղաքը հերոսներ էին, որոնք մահուան գիրկը նետուեցան իրենց կեանքերէն աւելի կարեւոր դասելով խոշոր նպատակ մը։
Անոնք չհարցուցին թէ ո ՞վ եւ ինչո ՞վ զիրենք պիտի վարձատրէ։ Կամ, ո ՞վ, ի ՞նչ պաշտօն պիտի շնորհէ իրենց՝ իրենց զոհողութեան առ ի գնահատանք։ Հաւանաբար, անոնք երկար ալ չի վերլուծեցին, թէ իրենց առջեւ դրուած նպատակը կ՚արդարացնէ ՞ արդէօք իրենց զոհողութիւնը, որ զոհողութիւններէն գերագոյնը պիտի ըլլար։ Եւ անոնցմէ շատերը իսկապէս որ չվերադարձան, գէթ շնչող եւ կենդանի չվերադարձան, այլ վերադարձան տուփերու մէջ կամ հիւլէացած՝ ու վերածուեցան քանդակներու, իրենց մասունքներն ալ այսօր թաղուած կան որպէս սրբատեղի դառձած տապանաքարեր։
Ողջ մնացած հերոսացածներէն ոմանք վերադարձան ոտք, թեւ, կամ մտային հաւասարակշռութիւն կորսնցուցած։ Ասոնցմէ շատերը, իրենց կեանքերու մինչեւ վերջին շունչը ապրեցան եւ դեռ պիտի ապրին այն սարսափներով, որոնց յաղթահարելու համար ինքնազոհութեան մայրուղիներով տեղեր գացած էին, որպէս հերոս վերադառնալու համար։ Անոնք Դատ մը պաշպանեցին, Հայրենիք մը կերտեցին, եւ ոմանք ալ այն հողը պաշտնեցին որուն կենացը կը խմէք դուք, եւ ...միայն այդքան։ Այդ հերոսներէն ողջերը այսօր ձեր մէջ կան, կը քալեն՝ կը քալեն վախերով, համեստութեամբ, հարցադրումներով եւ կասկածներով, այլ ոչ թէ ուրիշներու նման սիրամարգի ինքնավստահութեամբ - կամ հնդկահաւի ինքնահաւանութեամբ։