Լիբանան- Հայ Կաթողիկէ Նորընտիր Տ. Գրիգոր- Պետրոս Ի. Կաթողիկոս- Պատրիարքի գահակալութեան արարողութեան ուղիղ սփռումը պիտի իրականացուի համացանցի միջոցաւ: Նշենք, որ արարողութիւնը պիտի կայացուի Զմմառու պատմակերտ վանքէն ներս Կիրակի 9 Օգոստոս 2015-ին Պէյրութի ժամանակով ժամը 17:00 -ին: Նշենք նաեւ, որ ուղիղ հեռարձակման հետեւելու համար ակնդիրները պէտք է օգտուին ` www.armeniancatholic.org կայքէն: