Ստորեւ կը բերենք Սաղմոսէն համար մը՝ 57/8, որ իբրեւ բնաբան ծառայած է դոկտ. Հրայր Ճեպեճեանի «Սե՞ւ, թէ՞ սպիտակ պատեր» խորագրեալ յօդուածի այլազան հրատրակութիւններուն, որոնք կու գան ցոյց տալու արեւմտահայուն՝ գրողի թէ խմբագիրի, կէտադրական գիտելիքներու մէջ ունեցած հմտութեան աստիճանն ու բծախնդրութիւնը:
Աստուածաշունչ Ազդակ, Յուսաբեր Արարատ
Արթնցի՛ր, ո՛վ իմ փառքս. Արթնցիր ով իմ փառքս Արթնցիր, ով իմ փառքս
Արթնցէ՛ք, ո՛վ տաւիղ ու քնար. Արթնցէք ով տաւիղ ու քնար Արթնցէք, ով տաւիղ ու քնար
Ես կանուխ պիտի արթննամ: Ես կանուխ պիտի արթննամ Ես կանուխ պիտի արթննամ
Աստուածաշունչինը կատարեալ պիտի ըլլար, եթէ առաջին երկու տողերու վերջը գտնուող միջակէտերը վերածէինք ստորակէտի. թէեւ եղածն ալ մերժելի չէ.
այլապէս ամէն ինչ անթերի է բերուած բնագրին մէջ:
«Սէուտական Արաբիան ու Միացեալ Էմիրութիւնները կարեւոր ու ազդու դեր ունին փրկելու համար այս ազգին մնացորդը եւ արգիլելու համար, որ իսլամութիւնը օգտագործուի սադրիչ նպատակներու համար» («Ազդակ, 31/12/2024, էջ 2):
«Այս ազգին մնացորդը» իրապէս կը փրկուի՞, թէ՞ ոչ, - Աստուած գիտէ:
Իսկ թէ ո՞վ կրնայ փրկել հայերէնը այսպիսի կրկնաբանութիւններով ու անճաշակ շարադրութեամբ գրողէ, որ չի վարանիր մէկ նախադասութեան մէջ կիրարկելու երեք համար, որոնց բացարձակապէս ո՛չ մէկը անհրաժեշտ է,- ահա ա՛յս է մեծ առեղծուածը, որուն Դանիոյ գահաժառանգն իսկ պիտի չկարենար պատասխանել:
Հրամեր էք «համար»-ներէն մաքրուած ու բիւրեղեայ հայերէնով՝
--«Սէուտական Արաբիան ու Միացեալ Էմիրութիւնները կարեւոր ու ազդու դեր ունին՝ փրկելու այս ազգին մնացորդը եւ արգիլելու, որ իսլամութիւնը օգտա-
գործուի սադրիչ նպատակներու»:
Զոր եւ... մասամբ նորին
Գրաբարեան հայցականը՝ զոր, կը շարունակէ յաջողապէս սպրդիլ մեր հայագէտներու արծուաբիբ տեսողութենէն ու գրաւել որ-ի տեղը:
--«Խթման երեկոն առիթ մըն էր, զոր մարդիկը կը մղէր խորհրդածութեան» («Ազդակ», 3/1/2025):
Իսկ եթէ մտածենք, որ զայն սխալ կիրարկողը հայկական երկրորդական վարժարանի մը երբեմնի տնօրէնն է, հաւանաբար մտահոգուելու եւ... յուսահատե-
լու քիչ մը աւելի տեղիք ունենայինք եւ... արդարօրէն:
«Պայքար»-ի լեզուական վարկանիշը օր ըստ օրէ նահանջ կ’արձանագրէ մտահոգիչ կշռոյթով. կը մէջբերենք հետեւեալները՝ իբրեւ նախաճաշակ միայն.
--ամպագորգոռ փոխան ամպագոռգոռ-ի
--հետընթաց փոխան յետընթաց-ի
--յարկ վճարող փոխան հարկ վճարող-ի
--սարերի հետեւում չեն փոխան սարերի յետեւում չեն-ի
--խոչնդոտ փոխան խոչընդոտ-ի
--կ’անյետանան փոխան կ’անհետանան-ի
--յենասիւններ փոխան յենասիւներ-ի
--յաւէրժութիւն փոխան յաւերժութիւն-ի
Ասոնք՝ շատերէն քիչը, քաղած ենք թիւեր 402-405-ի՝ դոկտ. Սուրէն Սարգսեան կոչեցեալի յօդուածներէն, յորում տիրող ոգին ու բովանդակութիւնը անհամեմատ աւելի զազրելի ու ընդվզեցուցիչ են, քան լեզուականինը եւ կրնան միայն ամօթ բերել անոնց տուն տուող որեւէ լրագիրի:
Պոլսահայերէնը կը մաշի...
Ան կը մաշի իր լաւագոյն զաւակներու շուրթերուն, ու գրիչին տակ:
Վկայ՝ «Ակօս»-ի հետեւեալ նախադասութիւնը.
--«[Նախագահը] կոչ ուղղեց ահաբեկչապէտին, բանտէն դուրս գալու եւ խորհրդարանի երդիքին տակ իր հիմնած կազմակերպութեան լուծարկումը յայ- տարարելու համար (թիւ 1480):
--ահաբեկչապէտ փոխան ահաբեկչապետ-ի
--լուծարկում փոխան լուծարում-ի
--լուծարումը յայտարարելու համար փոխան՝ լուծարումը-յայտարարելու (ուր աւելորդ է համար յետադրութիւնը):
* * *
Կը բերենք այլ օրինակներ նախորդ խմբագրականներէն եւս:
--հաշւոյն փոխան հաշուոյն-ի (թիւ 1479)
--Նոր Տարի փոխան Նոր տարի-ի (անդ)
--կեցցէս տասներորդ գիւղը փոխան կեցցե՛ս, ...(թիւ 1478)
--քոյրս Սօսին պիտի պարէր փոխան քոյրս՝ Սօսին, պիտի... (անդ)
--ոչ միայն իրեն, այլ մեզմէ... փոխան ոչ միայն իրեն, այլեւ մեզմէ...
Այս էջը չէինք կրնար փակել՝ առանց փորձելու քանի մը ճիռ ալ քաղել «Ասպարէզ»-ի՝ Ամերիկեան այդ պատմական միջնաբերդի բերքառատ այգիէն:
Ուր կը շարունակէ իշխել ենթակայ-բայ թուային խառնակութիւնը.
--«Սփիւռքի մէջ, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութիւնը նոր ցնցումներ ապրեցան » (Ասպարէզ, խմբագրական, 31/12/2024):
Հայութիւնը...ապրեցան փոխան՝ հայութիւնը ապրեցաւ-ի:
--«Հայաստանի լայնածաւալ եւ արագօրէն զինումը կը վտանգէ խաղաղութիւնը»(2/1/2025):
Կարելի՞ է համադասել լայնածաւալ-ն ու արագօրէն-ը:
Այսինքն՝ այս երկուքը կապել եւ/ու համադասական շաղկապով:
Ո՛չ, կարելի չէ. պարտ էր ըսել.
--«Հայաստանի լայնածաւալ եւ/ու արագ զինումը կրնայ վտանգել...»:
Այսպէս է, քանի որ ասոնց առաջինը ածական է, իսկ արագօրէն-ը շեշտուածօրէն մակբայ է, իսկ եւ/ու շաղկապը չի կրնար խօսքի երկու տարբեր մասեր շաղկապել. շաղկապուող զոյգերը պարտին պատկանիլ խօսքի նո՛յն մասին, օրինակ՝ հաւասարապէս ըլլան գոյական կամ ածական կամ բայ եւ այլն:
Մրցոյթ 5.
***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր արեւելահայ լրագրողի մը հետեւեալ նախադասութիւնը.
---Ամբաստանեալը (նախ) զրկուել է քաղաքական իրաւունքներից, (ապա) դատապարտուել մահուան:
***Դուն ինչպէ՞ս կ’ըսէիր հետեւեալը.
---Լիբանանի մէջ հայ որբերու հիւսած մէկ գորգը մը նուիրուած է Հայաստանի:
***Սրբագրէ՛ հետեւեալ բազմասխալ կառոյցը.
---ՀԱՄԱՍ Իսրայէլը մեղադրած է Կազայի շրջանին մէջ խաղաղութեան համաձայնագիրը ձգձգելու(ն) մէջ:
***Ինչպէ՞ս կրնաս տրամաբանական դարձնել հետեւեալ բառակոյտը.
---Կը ձգտինք սահմանադրութեան մը, որ կարելի եղածին չափ երկար կ’ըլլայ (դիմանայ, տոկայ, յարգուի):
***Սրբագրէ՛ հետեւեալներուն կրկնաբանութիւնները.
---Ներկայ փուլը ամէնէն վտանգաւորն փուլն է:
---Այդ գործընկերութիւնը հաստատուած է ամուր հիմքերու վրայ:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Մարք Շիրին (5), Ցոլակ Ապտալեան (6), Գէորգ Եազըճեան (7), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (5), Համբարձում Յարթունեան (4), Եփրեմ Թոքճեան (8):
Մրցոյթ 6.
***Հետեւեալէն կարելի է ջնջել երկու բառ.
---Հայերէնը կը մաշի իր լաւագոյն զաւակներու շուրթերուն վրայ եւ գրիչին տակ:
***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալը.
---Մենք զմեզ կը խոստանանք սրբագրել մեր հոգեւոր էութեան մէջ:
***Ինչպէս պիտի ըսէիր տոհմիկ հայերէնով՝
---Թեհրանի մօտ Սուրիոյ հետ հաղորդակցելու խնդիր չկայ («Ազդակ», 3/1/222025, էջ 8):
***Կայ սրբագրելի բառ մը. գտիր եւ ուղղէ զայն:
---Ոգեղէն արժէքները դաժանօրէն կը շարունակուին ոտնահարուիլ ու բռնաբարուիլ:
***Լրացո՛ւր հայկական հետեւեալ ասոյթը.
---Եթէ կ’ուզես արագ երթալ, առանձի՛ն գնա, իսկ եթէ կ’ուզես ապահով երթալ...
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com