image
Հրատապ լուրեր:

«Արեամբ»ի մասին. Լիբանանեան տեսաշարը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ

«Արեամբ»ի մասին. Լիբանանեան տեսաշարը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ

Վստահ, «Պիլտամ» («Արեամբ») տեսաշարէն ետք մեր հոգիները աւելիով պիտի ջերմանան Ատլային (Տեսաշարի հերոսուհիներէն մին, թերեւս՝ գլխաւորը) նմանողներուն հանդէպ: Եւ հոս է այս տեսաշարին յաջողութիւնը: Արթնութիւն բերել եւ զգաստացնել աշխարհի մը մէջ, որ եսակեդրոն կը դառնայ ամէն օր : 

  Լայանը, (այլ հերոսուհի մը) աներմօր պնդումներուն դիմաց, զաւակ մը ունենալու անհրաժեշտութեամբ, ստիպուեցաւ ձեռնարկել անկարելիին: Իսկ Մուխթարին, Նազիրային եւ Շամսին տիպարները ներկայ են մեր մէջ, քօղարկուած դիմակներով յաճախ: 

 

«Արիւնով»ի մասին. Լիբանանեան տեսաշարը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ  

 Լիբանանի մէջ սփռուած «Պիլտամ» («Արեամբ») տեսաշարը 

 Փայլուն յաջողութիւն գտաւ։

 Այն ցուցադրուեցաւ Լիբանանեան կայաններէն անցեալ ամսուան ընթացքին 2025-ի (Իսլամական «Ռամատան»  ամսուան ընթացքին  տեսաշարերու տարափ մը երեւելի կ՚ըլլայ ամբողջ արաբական-իսլամական աշխարհին մէջ) «Ռամատան» ամսուան ընթացքին սփռուող տեսաշարերու ծիրէն ներս։

 Տեսաշարը (Սէրիալ) այնպիսի նիւթեր կը շօշափէր, որոնք զարմացուց հետեւողը եւ դուրս հանեց զայն իր կաշկանդուած վիճակէն, նաեւ ակնյայտ էր այնտեղ տպաւորիչ խաղարկութիւնը: 

Հարազատօրէն մեկնաբանուած տեսաշար մը, ոգեշնչուած իրական եւ շօշափելի փորձառութիւններով...: Մենք կարծես հայելիին առջեւն էինք, եւ ան ամենափոքր մանրամասնութիւններով կը փոխանցէր մեզի մեր ապրած տագնապները, յուսախաբութիւնները եւ զրկանքները: Մենք հոն կը տեսնէինք մեր շուրջ գտնուող այլանդակ դիմագիծեր՝ դիմակներով, որոնք կը փոխուէին իւրաքանչիւր զոհի հետ...:

Հոն էին մեր ցաւալի, սրտաճմլիկ պատմութիւնները, որոնք յաճախ կը լսենք լրատուական տեղեկագիրներուն մէջ, կը լսենք դրացիներէն, պաշտօնակիցներէն եւ ընդհանրապէս խօսակցութիւններու ընթացքին։

Տեսաշարը սկսաւ վարդագոյն սկիզբով մը, ապա դրուագներուն ընթացքին ձիւնը կամաց-կամաց հալեցաւ՝ գոց դռներուն ետեւ բացայայտելով վէրքեր, վիշտեր եւ գաղտնիքներ: Իրադարձութիւնները կը զարգանային բծախնդրօրէն մշակուած նիւթին համաձայն, որուն ընթացքին հեռուստադիտողը կը տեսնէր հազար ու մէկ տեսակի «յանուն պատւոյ» եղած յանցագործութիւնները, բռնաբարութիւնները, զրկանքները, հիւանդանոցային փտութիւնն ու կաշառակերութիւնը, ամլութեան ողբերգութիւնը, յետամնացութեան,  կեղծ առնականութեան եւ զէնքի կիրառման պատուհասները կամ բարդ յարաբերութիւնները։ Ընկերոջ մը դաւաճանութիւնը, մարմինի՝ օրկաններու առուծախը, եւ այլն: 

Բոլորը մեր ապրած կեանքի թեմաներն էին, որոնք դիտեցինք ցնցիչ չափաբաժիններով: 

Իսկապէս դժուար է սեղմ տողերու մէջ նկարագրել բացառիկ արհեստավարժ անձնակազմը, որ ծրագրած էր, պատրաստած եւ ճիգ չէր խնայած գործը «վառ» երանգներով ներկայացնելու հեռուստադիտողին: Հիասքանչ դերակատարները նոյնպէս, սիրուած լիբանանցի դերասաններ, որոնք արժանավայել ձեւով եւ հրաշալի խաղարկութեամբ փոխադրեցին մեզ հոն եւ մեր ուշադրութիւնը դարձուցին տեսարաններուն, որոնք անզուգական սահուն կերպով կը զարգանային։Անոնք բացայայտ վարպետութեամբ բուժեցին վէրքեր եւ յաջողեցան, միաժամանակ, մեր ուշադրութիւնը հրաւիրեցին մեր շուրջը գտնուող հարիւրաւոր մարդոց վրայ տեսնելու համար անոնց ցաւերը տեսնելու, զորս մենք սովորաբար չենք նկատեր…։ 

 Տեսանելի դարձան անձեր, որոնց երեսին իսկ չենք նայիր եւ մեր թանկարժէք ժամանակէն ոչ մէկ վայրկեան կը տրամադրենք անոնց: Մեզմէ քանի՞ն կը մօտենայ, կը բարեւէ կամ կը ժպտայ անոնց: Քանի՞ն լսող ականջ է, ձեռքը երկարող կամ ջերմ խօսակից...: 

Վստահ, «Պիլտամ» («Արեամբ») տեսաշարէն ետք մեր հոգիները աւելիով պիտի ջերմանան Ատլային (Տեսաշարի հերոսուհիներէն մին, թերեւս՝ գլխաւորը) նմանողներուն հանդէպ: Եւ հոս է այս տեսաշարին յաջողութիւնը: Արթնութիւն բերել եւ զգաստացնել աշխարհի մը մէջ, որ եսակեդրոն կը դառնայ ամէն օր : 

  Լայանը, (այլ հերոսուհի մը) աներմօր պնդումներուն դիմաց, զաւակ մը ունենալու անհրաժեշտութեամբ, ստիպուեցաւ ձեռնարկել անկարելիին: Իսկ Մուխթարին, Նազիրային եւ Շամսին տիպարները ներկայ են մեր մէջ, քօղարկուած դիմակներով յաճախ: 

Շատ գեղեցիկ էր եւ տպաւորիչ, յատկապէս, երբ դերակատարներուն դէմքի արտայայտութիւններն ու մարմնի լեզուն շատ բան կ'ըսէին՝ առանց որեւէ բառ արտասանելու: Հեռուստադիտողը մարմնի լեզուէն կը կարդար թաքնուած զգացումները. ան կը հասկնար ձայնի կոշտութենէն, գրկախառնութեան ջերմութենէն կամ նայուածքներէն, որոնք կ'արտայայտէին այն, ինչ որ լեզուն չէր կրնար արտայայտել...: 

Տեսաշար մը, որ ունէր վեհ պատգամներ, ինչպէս օրկաններու տուչութեան հարցը եւ ինքնութիւնը կորսնցուցած տառապող հազարաւորներու առկայութիւնը…:

Հաւանաբար տեսաշարի աւարտին, մեզմէ շատեր յուսախաբ եղան, որովհետեւ վարժուած ենք երջանիկ աւարտներու: Հոն, ուր հերոսը չի մահանար եւ բարին կը յաղթէ չարին. անկախ թէ որքան բարդ են պայմանները:  Ինծի համար շատ տպաւորիչ էր աւարտը, հեռու ամէն տեսակի խաբկանքէ՝ իրապաշտ ու հարազատ: 

 Այս բոլորը կ՚ըսեմ, նաեւ շեշտելու համար, որ Լիբանանեան մշակոյթի այս ճիւղը փաստեց, թէ  այդ ոլորտի այսօրուայ նուիրեալները կրնան շատ աւելին իրականացնել…։ 

Վերջաւորութեան, կը մաղթեմ, որ լիբանանեան կայանները շարունակեն սատարել տեղական տեսաշարերու ստեղծման եւ դադրին տարածելէ թրքական կեղծ քաղաքակրթութիւնը քարոզող տեսաշարերը:

 

Նաթալի Քէնտիրճեան