image

Պոլսոյ մէջ  յիշատակուած է Երանշհ.  Տ.  Շնորհք  Պատրիարք Գալուստեանը

Պոլսոյ մէջ  յիշատակուած է Երանշհ.  Տ.  Շնորհք  Պատրիարք Գալուստեանը

Պոլսահայ շրջանակներ օրերս քաղցր վերյուշով մը յիշատակած են Պոլսոյ դարաւոր աթոռի սիրուած պատրիարքներէն Երջանկայիշատակ Տ. Շնորհք Պատրիարքի վախճանման 35-րդ տարելիցը։

Իր ուրոյն տեղն ու ստորագրութիւնը թողած Շնորհք Պատրիարքի անունը ցայսօր ալ կը հոլովուի եւ բարիով կը յիշատակուի պոլսահայութեան եւ ամբողջ հայութեան մօտ։ 

Ստորեւ այդ մասին «Նոր Մարմար»ի կողմէ ներկայացուած նշմարը։

Համայնքէն բազմաթիւ անձերու մօտ դեռ թարմ են մօտիկ անցեալի պատմութեան էջերը, որոնք անքակտելիօրէն կապուած են Շնորհք Գալուստեան Պատրիարքի գահակալութեան շրջանին։

Սրբակենցաղ հովուապետը «հայրիկ» էր շատերու համար, իր կեանքը նուիրած էր խաչին ու անոր ուժին ապաւինելով կ'առաջնորդէր իր հօտը, միաժամանակ ծառայելով նաեւ գիր ու գրականութեան։

Պատրիարքութեան 29ամեայ տարիներուն վրայ նորեր կրնային գումարուիլ, եթէ չպատահէր աղէտը ու Շնորհք Պատրիարք չվախճանէր արկածի մը հետեւանքով հայրենի երկնքի տակ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ։

7 Մարտ 1990 թուականը սիրեցեալ Շնորհք Պատրիարքի վախճանման տարելիցի օրն է։ Կ'ոգեկոչենք իր յիշատակը ու մեր ներքին էջերուն մէջ կը ներկայացնենք 2 գրութիւն։ Այս գրութիւնները մաս կը կազմէին յուշամատեանին, որ լոյս տեսած էր Երանաշնորհ հովուապետի ծննդեան 90ամեակի առիթով։