image
Հրատապ լուրեր:

Զմմառու պատմական վանքին մէջ. Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթերեանին Թագադիր Ծ. Վրդ.ի կոչում

Զմմառու պատմական վանքին մէջ. Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթերեանին Թագադիր Ծ. Վրդ.ի կոչում

Օրերս Զմմառու  դարաւոր վանքի կամարներուն ներքոյ Թագադիր Ծ. Վրդ. Աստիճան շնորհուած է Հայ Կաթողիկէ Զմմառու Միաբանութեան ժրաջան միաբաններէն ՝ Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանին։

«Արեւելք» ատոր մասին իմացաւ Զմմառու Վանքի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը։

Նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ`

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գահակալ ՆԱԳՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքի`

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան երեսուներեքերորդ Մեծաւորի Թագադրութեան փառաշուք արարողութեան ականատես դարձան` Լիբանանի Կաթողիկէ Հայոց կղերաց դասը, ազգայիններ, Թագադրեալին հարազատներն ու բարեկամները եւ հաւատացեաներ։ 

Շաբաթ, 5 Ապրիլ 2025-ի, առաւօտեան ժամը 11-ին, Զմմառու մայրավանքի "Փոխման Սուրբ Կուսին" մայր եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որմէ ետք Ամեն.եւ Գերերջ Հոգեւոր Տիրոջ ձեռամբ`

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Նորընտիր Մեծաւոր` Գերպծռ.Մաշտոց Ծ.Վրդ.Զահթէրեանին շնորհուեցաւ` Թագադրութեան տուչութիւն։

Այնուհետեւ Ամեն.եւ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի "Մուտն Ի Վիրապ"ի տօնին առթիւ` Զմմառու Մայրավանքին մէջ խնամքով պահպանուած` Հայոց Լուսաւորչին ծնկոսկրով օրհնեց համայն հաւատացեալները։

Արարողութենէն ետք` 

Վանքի դահլիճին մէջ` Հոգեւոր Տէրը, Թագադրեալ Գերապայծառը եւ Վանքի նորընտիր վարչութիւնը` ընդունեցան ներկաներուն շնորհաւորանքները։