Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Պոլսոյ երեսփոխան Կարօ Փայլան դատախազութեան մօտ գանգատ ներկայացուցած է այն ցուցարարներուն դէմ, որոնք Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ իրենց կատարած ցոյցին ընթացքին գոչած են. «Ամենալաւ հայը՝ մեռած հայն է»։ Նշեալ ցոյցին դրդապատճառը Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումն էր:
Կարօ Փայլանի համաձայն՝ ցոյցին ներկայ եղած շուրջ 200 ցուցարարներուն մեծ մասը ազգայնամոլ «Գորշ գայլեր»ու անդամ էր։
Կարօ Փայլան յայտարարած է, որ ասիկա մարդկութեան դէմ ու ատելութեան ի նպաստ ցոյց մըն էր, եւ այդ պատճառով ալ գանգատ ներկայացուցած է դատախազութեան մօտ։ Ան պահանջած է, որ դատախազութիւնը ստուգէ այս ցուցարարներուն ինքնութիւնը ու ատելութիւն սերմանելու յանցագործութեան հետապնդում իրականացնէ անոնց դէմ։