Կեդրոնական Ֆրանսայի Սէն Շամոն հայաշատ քաղաքի «Սէնթ Մարի» երկրորդական վարժարանի բակի պատերուն վրայ 29 Ապրիլի առաւօտեան յայտնաբերուած են հակահայ արձանագրութիւններ։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Թրքական ազգայնամոլ «Գորշ գայլեր» շարժումին ստորագրութիւնը կրող այս արձանագրութիւնները հայերուն դէմ ուղղուած մահուան կոչեր են կամ հայհոյանքներ։
«Գորշ գայլեր» կազմակերպութիւնը Ֆրանսայի մէջ արգիլուած էր, սակայն կը թուի, թէ անիկա կը շարունակէ գործել։
Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբը դիմած է ներքին գործոց նախարար Ժերալտ Տարմանէնին՝ անկէ խնդրելով, որ 4 Նոյեմբեր 2020ի պետական որոշումով հրահանգուած այդ կազմակերպութեան լուծարումը դառնայ գործնական։