Իսրայէլի ղեկավարութիւնը կը կարծէ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու հետ նախատեսուած առաջիկայ բանակցութիւններուն, մեծ հաւանականութեամբ, պիտի յաջողին հասնիլ զինադադարի վերաբերեալ լայն համաձայնագրի։
Այս մասին, յղում կատարելով Իսրայէլի կառավարութեան աղբիւրներուն, հաղորդած է Kan պետական հեռուստառատիոընկերութիւնը։
Ինչպէս կը սպասուի, իսրայէլեան հրամանատարութեան երեք ներկայացուցիչներ մայիս 29-ին Փենթակոնի մէջ պիտի հանդիպին լիբանանցի զինուորականներու հետ։
Ուաշինկթընի մէջ մայիս 14-15-ին տեղի ունեցած լիբանանա-իսրայէլեան բանակցութիւններու երրորդ փուլի արդիւնքներով յայտարարուած էր ապրիլ 16-ի ռազմական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ համաձայնութիւնը 45 օրով երկարաձգելու մասին՝ հետագայ առաջընթաց ապահովելու նպատակով։
Կը սպասուի, որ զինուորական ներկայացուցիչներու բանակցութիւններէն ետք քաղաքական հարթութեան վրայ երկխօսութիւնը պիտի վերսկսի յունիս 2-3-ին։