image
Հրատապ լուրեր:

Սամուէլ Կարապետեան դատ բացած է ընդդէմ իշխող կուսակցութեան եւ Հանրային Հեռուստաընկերութեան

Սամուէլ Կարապետեան դատ բացած է ընդդէմ իշխող կուսակցութեան եւ Հանրային Հեռուստաընկերութեան

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու Սամուէլ Կարապետեանը հայցադիմում ներկայացուցած է՝ ընդդեմ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան եւ Հանրային Հեռուստաընկերութեան՝ զրպարտութեան համար։ Հայցի առիթը ՔՊ նախընտրական քարոզչական տեսանիւթին մէջ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեանի վերաբերեալ զրպարտչական տեղեկութիւնները։

Այս մասին կը հաղորդէ «Փաստինֆո»ն:

Մասնաւորապէս, ՔՊ քարոզչական տեսանիւթին մէջ հնչած են՝ «օլիգարխ», «պատերազմի եռագլուխ կուսակցութիւն կազմելու», «ժողովրդին խաբելու», «վախեցնելու», «իշխանութեան գալու համար ձայներ գնելու», «պատերազմ հրահրելու», «Հայաստանի անկախութիւնը վերացնելու», «օտարերկրեայ լրտես հանդիսանալու» մասին արտայայտութիւններ, որոնք հայցուորը կը պահանջէ հերքել՝ արձանագրելով, որ ատոնք ամբողջութեամբ զրպարտչական են։

Կարապետեանը հերքումէն զատ կը պահանջէ դատարանէն՝ պարտաւորեցնել ՔՊ-ին եւ Հանրային Հեռուստաընկերութեան՝ հրապարակային ներողութիւն խնդրել իրենից՝ արժանապատւութիւնն ու բարի համբաւը վիրաւորական արտայայտութիւններով արատաւորելու համար։ 

Հայցադիմումը մակագրուած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քաղաքացիական դատարանի դատաւոր Սիւզաննա Ուլիխանեանին։ Դեռ առկայ չէ տեղեկութիւն՝ հայցը վարոյթ ընդունելու վերաբերեալ։