Հայաստանը կ՚ուզէ ամրապնդել իր տնտեսութիւնն ու արհեստագիտական անկախութիւնը ԵԱՏՄ-ի մէջ համարկման եւ փոխադրային ուղիներու ընդլայնման միջոցով։ Այս մասին յայտարարած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը մայիս 29-ին Աստանայի մէջ ընթացող Բարձրագոյն եւրասիական տնտեսական խորհուրդի նիստին՝ վերահաստատելով Երեւանի պատրաստակամութիւնը փոխշահաւէտ համագործակցութեան։
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը մտադիր է այսուհետ եւս բարեխղճօրէն մասնակցել միութեան աշխատանքներին՝ հիմնուելով փոխադարձ յարգանքի, իրաւահաւասար գործընկերութեան եւ ԵԱՏՄ անդամ բոլոր պետութիւնների ազգային շահերի հիման վրայ»,-ըսած է Գրիգորեանը։
Փոխվարչապետն ընդգծած է, որ տնտեսութիւններու մրցունակութեան բարձրացման համար առանցքային է արհեստական բանականութեան (ԱԲ) արհեստագիտութիւններու ներդրումը։ Ան կարեւորած է ԱԲ պատասխանատու զարգացման մասին համատեղ յայտարարութեան ստորագրումը, որ կ՚օգնէ անդամ երկիրներու միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան մեքենականութիւններ ստեղծել։
«Այսօր արհեստական բանականութեան տեխնոլոգիաների զարգացումն ու ներդրումը դառնում է մեր երկրների տնտեսութիւնների մրցունակութեան բարձրացման եւ տեխնոլոգիական ինքնիշխանութեան ամրապնդման հիմնական գործօններից մէկը»,- նշած է փոխվարչապետը։
Տնտեսական համարկման գլխաւոր շարժիչ ուժը, ըստ Գրիգորեանի, կը մնայ ծառայութիւններու առեւտուրի ազատականացումը։ Սակայն, ձեռնարկութիւններու համար աւելի կանխատեսելի եւ թափանցիկ պայմաններ ստեղծելու նպատակով, անհրաժեշտ է գործնականօրէն համաձայնեցնել ազգային կարգաւորումներու առանձին երեսները։
«Ծառայութիւնների առեւտրի ազատականացումը մնում է ԵԱՏՄ շրջանակներում տնտեսական ինտեգրման խորացման գլխաւոր շարժիչ ուժերից մէկը»,-յայտարարած է ան։
Գրիգորեանը շեշտած է գործող ազատ առեւտուրի համաձայնագրերու լիարժէք կիրառման եւ նորերու շուրջ բանակցութիւններու կարեւորութիւնը՝ աւելցնելով, որ ապրանքաշրջանառութեան աճին էապէս պիտի նպաստէ փոխադրային կապերու ընդլայնումը։
«Այս ուղղութեամբ զարգացման առանցքային գործօններէն մէկը փոխադրային կապերի բազմազանեցումն է, ինչը միանշանակ էական թափ կը հաղորդի ապրանքաշրջանառութեան աճին»,-ըսած է Գրիգորեանը։
Փոխվարչապետը կարեւորած է գիւղատնտեսա-արդիւնաբերական ոլորտի մէջ փոխգործակցութիւնը։ Ան ողջունած է արձանագրութեան ստորագրումը, որով ֆինանսական աջակցութեան մեխանիզմները կը տարածուին նաեւ գիւղատնտեսութեան վրայ, որ կ՚ամրապնդէ պարէնային անվտանգութիւնը միութեան մէջ։
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարեւոր նշանակութիւն է տալիս նաեւ ագրոարդիւնաբերական համալիրի ոլորտում համագործակցութեան զարգացմանը եւ ողջունում է արձանագրութեան ստորագրումը»,- նշած է Մհեր Գրիգորեանը։