image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիայէն հացահատիկ եւ պարարտանիւթ դէպի Հայաստան Ատրպէյճանի ճամբով

Ռուսիայէն հացահատիկ եւ պարարտանիւթ դէպի Հայաստան Ատրպէյճանի ճամբով

Ռուսիայէն, Ատրպէյճանի տարածքով, Հայաստան պիտի ուղարկուին ցորեն եւ պարարտանիւթեր։ Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Այսօր Հայաստան պիտի ուղարկուի 280 թոն ծանրութեամբ 4 վակոն ցորեն եւ 277 թոն ծանրութեամբ 4 վակոն պարարտանիւթ։

Ներկայ դրութեամբ Ռուսիայէն Հայաստան՝ Ատրպէյճանի տարածքով, ուղարկուած է աւելի քան 28 հազար թոն հացահատիկ, աւելի քան 4 հազար թոն պարարտանիւթ, 133 թոն ալիւմին եւ 68 թոն հնդկաձաւար։