image
Հրատապ լուրեր:

Կան շուրջ 210 մասունքներ, որոնց հետ աշխատիլը դժուար է. Անահիտ Աւանէսեան

Կան շուրջ 210 մասունքներ, որոնց հետ աշխատիլը դժուար է. Անահիտ Աւանէսեան

 

Կան մասունքներ, որոնք այնքան վնասուած են, որ ուղղակիօրէն հնարաւոր չէ փորձաքննութիւն իրականացնել: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանը:

 

«Մենք արդէն չունենք փորձանմուշներ, որոնք մէկ անգամ չեն ստուգուել, եւ կան մասունքներ, մարմիններ, որոնք շատ վնասուած են եւ դրանցից DNA անալիզ անջատել եւ փորձաքննութիւն անցկացնելը բաւականին բարդ գործընթաց է, եւ մենք կապի մէջ ենք միջազգային բարձրակարգ այլ հիմնարկների հետ, նրանց փորձագէտների հետ եւ տեսնենք՝ ինչ արդիւնք կ'ունենանք»,- ըսած է Անահիտ Աւանէսեանը:

Առողջապահութեան նախարարը նաեւ նշած է՝ մասունքներն այնքան վնասուած են, որ անգամ այլ երկիրներու տարրալուծարաններուն մէջ հնարաւոր չէ փորձաքննութիւն կատարել:

«210 փորձանմոյշ կայ, որոնց հետ աշխատելը դժուար է: 2200-ից աւել ճանաչում ունենք, եւ ունենք 180 ծնող, ովքեր սպասում են փորձանմոյշների պատասխանի»,-ըսած է ան:

Անահիտ Աւանէսեանը հաստատած է, որ Մեծամորի դիահերձարանին մէջ կը պահուին զոհուածներու մարմիններ:

«Այնտեղ մեր դիահերձարանն է։ Դրանք յատուկ սառնարաններ են՝ նախատեսուած նման դէպքերի համար»,- նշած է ան:

Անահիտ Աւանէսեանը նաեւ հերքած է խօսակցութիւնները, որ փորձանմոյշներու եւ մարմիններու մէջ կրնան ըլլալ նաեւ ատրպէյճանցիներու մարմինները, եւ որ անոնք կրնան յուղարկաւորուիլ եղբայրական գերեզմանին մէջ: