Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան վերականգնումը շրջանային եւ համաշխարհային նշանակութիւն ունի։ «Այս գծով, Զանգեզուրի ճամբու բացման համար մենք կ՛ակնկալենք համընդհանուր աջակցութիւն», շեշտած է ան։
Ընդգծելով, թէ անցեալ չորս տարիներուն, Ատրպէյճան վերականգնեց իր տարածքային ամբողջականութիւնը՝ Վրաստանը դարձած է Եւրոպական Միութեան անդամի թեկնածու՝ Ֆիտան ըսած է, որ անհրաժեշտ քննարկումներ կատարած է՝ երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը խթանելու համար։
«Մենք պատրաստ ենք իւրաքանչիւր հարցի մէջ պէտք եղածը ընել», ըսած է ան։
Ասոր զուգահեռ, «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր»ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու ըսած է, որ Զանգեզուրի միջանցքին բացումը պիտի աւելցնէ Միջին միջանցքի ուղղութեամբ բեռնափոխադրումներու ծաւալը՝ տարեկան 1 միլիոն թոնէն հասցնելով 25 միլիոն թոնի։
Ան նշած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ը այլընտրանք պիտի դառնայ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծին։
Ըստ Ուրալօղլուի՝ այդ ճամբան ոչ միայն փոխադրամիջոցներու միջանցք պիտի դառնայ, այլ նաեւ թրքական աշխարհին համար միաւորող գործօն։
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծին վրայ շարունակուող վերանորոգման աշխատանքները պիտի աւարտին յաջորդ ամիս։
Ուրալօղլու նաեւ ընդգծած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի Թուրքիոյ տարածքէն անցումը պիտի նպաստէ երկիրի արդիւնաբերութեան, ճարտարագիտութիւններու եւ զբօսաշրջութեան զարգացման։