image

Իզմիրի աղէտալի հրդեհը. Վեր. Յակոբ Երանեանի յիշատակին

Իզմիրի  աղէտալի հրդեհը. Վեր. Յակոբ Երանեանի  յիշատակին

 

Օրերս կը յիշատակուի Իզմիրի մեծ հրդեհի 100-ամեակը, որ տեղի ունեցած է 1922-ի Սեպտեմբեր 13-22-ին: Անդրադառնալով Իզմիրի այս մեծ հրդեհի օրերուն զոհ  դարձած Վեր. Յակոբ Երանեանին,  Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան իր դիմաատերեան էջով կը գրէ, եւ որ «Արեւելք» թարգմանաբար կը ներկայացնէ այն ստորեւ:  

 

 Հայ Աւետարանական  Համայնքի նուիրեալ գործիչներէն՝ Վեր. Փօլ Հայտոսթեան կը գրէ ՝

 

«100 տարի առաջ. Կը յիշէ՞ք Զմիւռնիոյ հրդեհը»

Հայերու, միւս փոքրամասնութիւններու եւ յոյներու նկատմամբ Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Ցեղասպանութեան շրջածիրէն ներս, այսօր կը յիշեմ Վերապատուելի Յակոբ Երանեանը (Մարաշ 1856- Զմիւռնիա 1922), Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հաւատարիմ առաջնորդ, որ ծառայած էր Մարաշ, Տարսոն, Աֆիոն Գարահիսար եւ ապա Զմիւռնիա (Իզմիր) ։

Վերապատուելի Երանեան ֆիզիքապէս տկարացաւ  եւ մահացաւ նաւամատոյցին վրայ, երբ 1922 թուականի Սեպտեմբերին,  հարիւր տարի առաջ, կը պատրաստուէր փախչիլ որեւէ հանդիպած նաւով մը (իր ընտանիքի մէկ մասի եւ հազարաւոր ուրիշներու հետ) Զմիւռնիա յունական գեղեցիկ քաղաքէն, ուր դիտումնաւոր հրդեհը բռնկուած էր: Եւ որովհետեւ խուճապի մէջ էին, անոր մարմինը նետուեցաւ Էգիակն ծով։

Յակոբ Երանեան մեր մեծ մօր՝ Եսթեր Հայտոսթեանի աւագ եղբայրն էր։

Պատմութիւնը ողբերգական է, սակայն մենք կ'ոգեկոչենք Երանեանի ճշմարտասիրութիւնը իր ծառայութեան մէջ, հաւատարմութիւնը իր ժողովուրդին հանդէպ երկար տարիներու տարագրութեան ու դժուարութիւններու ընթացքին, նաեւ իր չընկրկող կամքը ամբողջ սրտով կառչած մնալով  Սուրբ Աւետարանին»: