image
Հրատապ լուրեր:

«Յարգանքի տուրք ենք մատուցում». ՀՀ ԱԳՆ-ն Սումկայիթի զոհերու յիշատակին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է

«Յարգանքի տուրք ենք մատուցում». ՀՀ ԱԳՆ-ն Սումկայիթի զոհերու յիշատակին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Սումկայիթի ջարդերու 38-րդ տարելիցի կապակցութեամբ: Յայտարարութիւնը տեղադրուած է նախարարութեան X-ի էջին։

«1988 թուականին Ադրբեջանական ԽՍՀ ուժերի կողմից կազմակերպուած Սումգայիթի կոտորածների զոհերի յիշատակի այս օրերին մենք յարգանքի տուրք ենք մատուցում սպանուած հարիւրաւոր հայերի յիշատակին։ Մօտ կէս միլիոն մարդ բռնի տեղահանուել է։  

Յիշողութիւնը միայն անցեալի մասին մտորելու մասին չէ։ Այն վերահաստատում է մեր համատեղ պատասխանատւութիւնը՝ պաշտպանելու մարդու իրաւունքները, մերժելու ատելութիւնն ու ատելութեան խօսքը բոլոր դրսեւորումներով, միաժամանակ անսասան աշխատելով հաշտեցման եւ երկարատեւ խաղաղութեան համար»,- նշուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։