image

Իտալիոյ վարչապետը հանդէս եկած է ԵՄ-ԱՄՆ հրատապ գագաթնաժողով հրաւիրելու կոչով

Իտալիոյ վարչապետը հանդէս եկած է ԵՄ-ԱՄՆ հրատապ գագաթնաժողով հրաւիրելու կոչով

Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնին կոչ ըրած է ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի երկիրներու արտակարգ գագաթնաժողով կայացնելու:

«Անհրաժեշտ է շտապ գագաթնաժողով ԱՄՆ-ի, եւրոպական երկիրներու ու դաշնակիցներու միջեւ, որ անկեղծ խօսինք այն մասին, թէ ինչպէս մտադիր ենք յաղթահարել այսօրուան լուրջ մարտահրաւէրները՝ սկսած Ուքրանիայէն, որ մենք միասին պաշտպանած ենք վերջին տարիներուն: Մենք պատրաստ ենք շարունակելու բանակցութիւնները»,-ըսած է Մելոնին:

Նշուած է, որ Իտալիան մտադիր է այդ առաջարկը քննարկել գործընկերներու հետ: