image

Թիֆլիսի մէջ. Գեղանկարիչ Սամուէլ Չիբուխչեանի ցուցահանդէսի բացումը 

Թիֆլիսի մէջ. Գեղանկարիչ Սամուէլ Չիբուխչեանի ցուցահանդէսի բացումը 

Օրերս, Թիֆլիսի «IArt» պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցած է հայրենի արդի գեղանկարիչ Սամուէլ Չիբուխչեանի «Տարածութիւն եւ ժամանակ» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը։

Նոյն օրը, Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրուան առիթով Թիֆլիսի Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ հոգեհանգիստ կատարուած է Թումանեանի շիրմաքարին առջեւ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Փետրուար 19-ին, Թիֆլիսի «IArt» պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցած է հայրենի արդի գեղանկարիչ Սամուէլ Չիբուխչեանի «Տարածութիւն եւ ժամանակ» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը։ Մինչեւ Փետրուար 28 շարունակուող ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Երեւանի «Անտիկեան» ցուցասրահի, «Art Caucausus» հիմնադրամի եւ Թիֆլիսի «IArt» պատկերասրահի միասնական ջանքերով։

Ողջունելով ներկաները, Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան յատկապէս ընդգծած է նկարիչի կտաւներուն՝ հայկական բնաշխարհը տեղւոյն հանդիսատեսին ներկայացնելու կարողութիւնը։

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Վրաստանի մշակոյթի եւ արուեստի մարզի գործիչներ, Վրաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ, հայ համայնքի անդամներ։

Ծաղիկներ՝ Յովհաննէս Թումանեանի շիրիմին

Նոյն օրը, Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրուան առիթով Թիֆլիսի Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ հոգեհանգիստ կատարուած է Թումանեանի շիրմաքարին առջեւ։ Ամենայն հայոց բանաստեղծին յիշատակը յարգելու եկած քաղաքացիները ծաղիկներ զետեղած են անոր շիրիմին։

Վիրահայոց թեմի հոգեւոր հայրերու ձեռամբ կատարուած հոգեհանգստեան կարգին յաջորդած է արդէն աւանդութիւն դարձած՝ գիրք նուիրելու արարողութիւնը։