image

Իսրայէլը լայնածաւալ հակաահաբեկչական գործողութիւն սկսած է Արեւմտեան ափին մէջ

Իսրայէլը լայնածաւալ հակաահաբեկչական գործողութիւն սկսած է Արեւմտեան ափին մէջ

Կիրակի լոյս երկուշաբթի գիշեր Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերը լայնածաւալ հակաահաբեկչական գործողութիւն սկսած են Յորդանան գետի արեւմտեան ափին գտնուող Ժըննինի մէջ, յայտնած է «Ռիա Նովոսթի»-ն։

Հաղորդուած է, որ առնուազն չորս պաղեստինցի զոհուած է, տասնեակ մարդիկ վիրաւորուած են:

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի մամուլի ծառայութիւնը յայտնած է, որ յարձակման ենթարկուած են Ժըննինի փախստականներու ճամբարին մէջ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներու միացեալ շտաբը, ինչպէս նաեւ Ժըննինի գումարտակի զինեալներու ուժերը։

Նշուած է, որ գործողութեան նպատակներէն է հրթիռներու արտադրութեան տեղամասերու յայտնաբերումն ու վերացումը։ Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ Ժըննինի մէջ եղած է նաեւ զէնքի եւ պայթուցիկ նիւթերու պահեստ։ Իսրայէլի բանակի տուեալով՝ հետախուզման մէջ գտնուող պաղեստինցիներն այդ վայրը օգտագործած են որպէս ապահով ապաստարան:

Պաղեստինեան աղբիւրներն ալ յայտնած են, որ տեղի բնակիչները կը դիմադրեն իսրայէլցի զինուորականները, պատնէշներ կը կառուցեն, կ'այրեն մեքենաներու անիւներ։