image

Իսրայէլ մեկնած լիբանանցի բեմադրիչը հարցաքննուեցաւ

Իսրայէլ մեկնած  լիբանանցի  բեմադրիչը հարցաքննուեցաւ

Իսրայէլ մեկնած լիբանանցի բեմադրիչ Զիատ Տուայրի 24 ժամ կալանքի տակ մնալէ ետք ազատ արձակուած է: Այս մասին լուրը փոխանցեց LBCI կայանը նշելով, որ Տուայրիի երկու՝ լիբանանեան եւ ֆրանսական անձագրերը բռնագրաւուելէ եւ հարցաքննութեան ենթարկուելէ ետք Տուայրի ազատ արձակուած  է:

Բեմադրիչը, որ ազատ արձակուելէ ետք խօսած է «Ալ Նահար» պարբերականին ըսած է, որ «ամէն բան բնական հունի մէջ է, զիս հարցաքննեցին ու վերաբերմունքը  շատ յարգալից էր»:

Յիշեցնենք, որ դէպքէն  ամիս մը առաջ Տուայրիի  նկարահանած «Ցնցում»  ֆիլմը արժանացած էր Վենետիկի փառատօնին «լաւագոյն դերասան» անուանակարգի   առաջին դիրքին:

Տուայրի, որուն անունը յայտնի է  շարժանկարի աշխարհին մէջ աւելի վաղ Լիբանանի  պատկան մարմիններուն   տեղեակ պահած էր, որ   Իսրայէլ  պիտի մեկնի  կարգ մը նկարահանումներ ընելու համար:  Ան տարբեր առիթներով   եւ Իսրայէլացի դերասաններու մասնակցութեամբ նկարահանուած ֆիլմեր ներկայացուցած է Լիբանանի  մէջ:

Մինչ Լիբանանի կարգ մը քաղաքական գործիչներ դրուատիքով խօսեցան Տուայրիի մասին, անդին Իսրայէլի դէմ կարծր կեցուածքներով հանդէս եկող լրագրողներ եւ գործիչներ ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցին Տուայրիի դէմ: