Իսրայէլ մեկնած լիբանանցի բեմադրիչ Զիատ Տուայրի 24 ժամ կալանքի տակ մնալէ ետք ազատ արձակուած է: Այս մասին լուրը փոխանցեց LBCI կայանը նշելով, որ Տուայրիի երկու՝ լիբանանեան եւ ֆրանսական անձագրերը բռնագրաւուելէ եւ հարցաքննութեան ենթարկուելէ ետք Տուայրի ազատ արձակուած է:
Բեմադրիչը, որ ազատ արձակուելէ ետք խօսած է «Ալ Նահար» պարբերականին ըսած է, որ «ամէն բան բնական հունի մէջ է, զիս հարցաքննեցին ու վերաբերմունքը շատ յարգալից էր»:
Յիշեցնենք, որ դէպքէն ամիս մը առաջ Տուայրիի նկարահանած «Ցնցում» ֆիլմը արժանացած էր Վենետիկի փառատօնին «լաւագոյն դերասան» անուանակարգի առաջին դիրքին:
Տուայրի, որուն անունը յայտնի է շարժանկարի աշխարհին մէջ աւելի վաղ Լիբանանի պատկան մարմիններուն տեղեակ պահած էր, որ Իսրայէլ պիտի մեկնի կարգ մը նկարահանումներ ընելու համար: Ան տարբեր առիթներով եւ Իսրայէլացի դերասաններու մասնակցութեամբ նկարահանուած ֆիլմեր ներկայացուցած է Լիբանանի մէջ:
Մինչ Լիբանանի կարգ մը քաղաքական գործիչներ դրուատիքով խօսեցան Տուայրիի մասին, անդին Իսրայէլի դէմ կարծր կեցուածքներով հանդէս եկող լրագրողներ եւ գործիչներ ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցին Տուայրիի դէմ: