Իրանը ապացոյցներ ունի, որ Սուրիոյ մէջ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումը Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Սուրիոյ հարեւան մէկ այլ երկրի ծրագրի հետեւանք է. նման պնդմամբ հանդէս եկած է Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին, գրած է Mehr գործակալութիւնը:
«Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածն ամերիկեան եւ սիոնիստական համատեղ ծրագրի հետեւանք է: Սուրիոյ հարեւան մէկ այլ երկիր յստակ դերակատարում ունեցած է այս հարցով եւ կը շարունակէ ունենալ. սա ակնյայտ է բոլորի համար, բայց հիմնական դաւադիրը, գլխաւոր ծրագրաւորողը Միացեալ Նահանգները եւ սիոնիստական ռեժիմն են: Մենք ապացոյցներ ունինք, որոնք կասկածի տեղիք չեն տար», -ըսած է Իրանի գերագոյն առաջնորդը:
Նոյեմբերի վերջը Սուրիոյ մէջ իսլամիսթական խմբաւորումներու դաշինքը յարձակում սկսած է կառավարութեան կողմէ վերահսկուող տարածքներու վրայ։ Նոյեմբեր 30-ին իսլամիսթները գրաւած են Հալէպը, իսկ դեկտեմբերի սկզբը՝ Համան եւ Հոմսը։ Դեկտեմբեր 8-ին հակակառավարական զօրքերը մտած են Դամասկոս եւ յայտարարած Պաշշար Ասատի վարչակարգը տապալելու մասին։
Ինչպէս այն ժամանակ յայտնած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Սուրիոյ առաջնորդը բանակցութիւններ վարած է իսլամիսթներու հետ, հրաժարական տուած է եւ լքած երկիրը։ Այնուամենայնիւ, իսլամիսթները յայտարարած են 10 միլիոն տոլարի պարգեւատրութիւն այն տեղեկատւութեան համար, որ կ՚օգնէ ձերբակալել նախկին նախագահը։ Աւելի ուշ յայտնի դարձած է, որ Պաշշար Ասատն ընտանիքի հետ ժամանած է Ռուսիա, ուր անոր ապաստան տուած են։