image

Սուրիան որպէս զինադաշտ պիտի չօգտագործուի Իսրայէլի վրայ յարձակումներու համար. Ահմետ Շարհ

Սուրիան որպէս զինադաշտ պիտի չօգտագործուի Իսրայէլի վրայ յարձակումներու համար. Ահմետ Շարհ

Սուրիոյ մէջ իշխանութեան եկած զինուած ընդդիմութեան առաջնորդ Ահմետ Շարհ, նոյն ինքը՝ Ապու Մուհամետ Ճուլանին, յայտարարած է, որ երկիրը պիտի չդառնայ Իսրայէլի վրայ յարձակումներու  զինադաշտ։ 

The Times-ին տուած հարցազրոյցին ան ընդգծած է, որ Իսրայէլը պէտք է լքէ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արեւմուտքը գտնուող տարածքները, որոնք նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումէն ետք քանի մը օրուան ընթացքին գրաւած է։

«Հայաթ Թահրիր ալ Շամ» խմբաւորման առաջնորդը  նշած է, որ Իսրայէլի ներկայութիւնը կը բացատրուի լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման եւ իրանեան աշխարհազօրայիններուն հակազդելու անհրաժեշտութեամբ։ Սակայն այժմ, ըստ անոր, հրէական պետութեան ուղղուած այս սպառնալիքն այլեւս արդիական չէ, ուստի Ճուլանին կոչ ըրած է դադրեցնելու յարձակումները Սուրիոյ վրայ եւ ապահովելու իսրայէլեան զինուորականներու նահանջը գրաւուած դիրքերէն։

Ապու Մուհամմետ Ճուլանին աւելցուցած է, որ «Հայաթ Թահրիր ալ Շամը» հաւատարիմ է 1974 թուականի ուժերու բաժանման համաձայնագրին եւ պատրաստ է ՄԱԿ-ի դիտորդներու վերադարձին: Ան ընդգծած է Իսրայէլի կամ որեւէ այլ երկրի հետ հակամարտութիւններէ խուսափելու ցանկութիւնը։

Նշենք, որ Ժոլանի բարձունքները վիճելի տարածք են. Իսրայէլը կը վերահսկէ այդ հողերու մեծ մասը, իսկ արեւելեան մասը կը պատկանի Սուրիոյ։ Երբ իսլամիստները տապալեցին նախագահ Պաշշար Ասատը, Իսրայէլը սկսաւ ընդլայնել վերահսկողութիւնը հանրապետութեան հետ սահմանազատման գօտիի վրայ: Դեկտեմբեր 9-ի գիշերը Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը նոր տարածքներ զբաղցուցած է բախարգելային (պուֆերային) գօտիին վրայ: Դեկտեմբեր 15-ին The Jerusalem Post-ը գրած էր, որ երկրի կառավարութիւնն արդէն հաստատած է Ժոլանի մէջ բնակավայրերու ընդլայնման ծրագիրը։