image

Իսրայէլ կը շարունակէ «Ժէնին»ի գործողութիւնը. Զոհերու թիւը հասած է 10-ի

Իսրայէլ կը շարունակէ «Ժէնին»ի գործողութիւնը. Զոհերու թիւը հասած է 10-ի

Յորդանան գետի արեւմտեան ափին 3 յուլիսէն Իսրայէլի մեկնարկած գործողութեան հետեւանքով պաղեստինեան կողմի զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը աճած է։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը Ժըննինի մէջ իրականացուող գործողութիւնը որակած է որպէս «հակաահաբեկչական», իսկ Պաղեստինի իշխանութիւնները դատապարտած են այն՝ որակելով որպէս «ներխուժում» եւ «նոր պատերազմական յանցագործութիւն»։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ զոհերու թիւը հասած է 10-ի, շուրջ 100 մարդ վիրաւորուած է։ Վիրաւորներէն 20-ի վիճակը ծանր է։ Իսկ Պաղեստինի կարմիր մահիկը հաղորդած է, որ Ժըննինի փախստականներու ճամբարէն, ուր շուրջ 14 հազար մարդ կը բնակի, տարհանուած է 3000 մարդ։ Կարմիր մահիկի ներկայացուցիչը BBC-ին յայտնած է, որ կազմակերպութեան անձնակազմերը դժուարութեամբ իրականացուցած է մարդոց տարհանման աշխատանքները ճամբարին մէջ վնասուած ճանապարհներու պատճառով։

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը իր հերթին յայտնած է, որ գործողութիւնը կրնայ աւարտիլ քանի մը օրուան ընթացքին՝ նախատեսուածէն աւելի արագ։ Ըստ Իսրայէլի բանակի գլխաւոր խօսնակ Տանիէլ Հակարիի՝ գործողութիւնն արդէն հասած է իր նպատակներու մեծ մասին՝ բախելով աւելի քիչ դիմադրութեան եւ կողմնակի բարդութիւններու, քան մինչ այդ հետախուզութիւնը գնահատած էր։ Ըստ խօսնակի՝ Իսրայէլի բանակը նախապէս նշած էր հրամանատարական կեդրոններ եւ զէնքի ու զինամթերքի պահեստներ հանդիսացող քանի մը տասնեակ թիրախներ, որոնք պէտք է ոչնչացնէր։ Անոնցմէ 20-ը, ըստ Հակարիի, արդէն ոչնչացուած են անօդաչու թռչող սարքերու միջոցով, մէկ մասն ալ՝ բանակի ցամաքային զօրքերու, անվտանգութեան գործակալութեան եւ այլ ուժերու կողմէ։ Հաղորդուած է նաեւ 120 պաղեստինցիներու ձերբակալութեան մասին։ Աւելի վաղ իսրայէլեան կողմը եւս յայտնած էր, որ Ժըննինի մէջ 10 մարդ զոհուած է։

Պաղեստինի շարք մը բնակավայրերու մէջ հարիւրաւոր մարդիկ ցոյցի դուրս եկած են՝ բողոքելով Ժըննինի մէջ Իսրայէլի գործողութեան դէմ։