image

Իսրայէլ կարեւոր միաւորներ ձեռք ձգեց արաբական աշխարհին մէջ

Իսրայէլ կարեւոր միաւորներ ձեռք ձգեց արաբական աշխարհին մէջ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, ԱՄՆ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի «օրհնութեամբ», համաձայնեցան «հաշտութեան համաձայնագիր» մը կնքել Իսրայէլի հետ: Այս համաձայնագրով երկու երկիրները պիտի հաստատեն դիւանագիտական եւ տնտեսական յարաբերութիւններ: ԱՄԷ-ին յաջորդեց Պահրէյնը, որ եւս յայտարարեց նման քայլի մասին եւ շատ հաւանաբար մօտ ժամանակէն Օմանը եւ Սէուտական Արաբիան եւս նման յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գան: Սակայն ինչո՞ւ այս դիւանագիտական աշխուժացումը, այս ժամանակաշրջանին:

Վերջին տարիներուն Թուրքիա եւ Իրան դարձան շրջանի ազդեցիկ երկու իսլամական երկիրները եւ արաբները, մանաւանդ Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը, կորսնցուցին իրենց տարածաշրջանային ազդեցութիւնը: Արաբական Ծոցի երկիրները մտահոգուելով, որ Միացեալ Նահանգներ կրնայ լքել շրջանը, սկսան փնտռել այլ ուժեր, ինչպէս Չինաստան, Հնդկաստան, Ռուսիա եւ նոյնիսկ Իսրայէլ՝ պաշտպանելու համար իրանեան յարձակումներէն, սակայն այս երկիրներէն միայն Իսրայէլը պատրաստակամութիւն ցուցաբերած էր այս առաքելութիւնը կատարելու, հետեւաբար անոր հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելը հիմնական քայլ մը պիտի ըլլար:

2016-ին Իսրայէլի ՄԱԿ-ի դեսպան Տանի Տանոն դիւանագիտական այցելութիւն մը կատարեց Տուպայ, ուր կարեւոր պաշտօնական հանդիպումներ ունեցաւ, եւ այդ այցելութեան նպատակն էր «կասեցնել իրանական վտանգը Պարսից Ծոցին մէջ»: 2018-ին Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու այցելեց Օմանի սուլթանութիւն եւ տնտեսական համաձայնագրեր կնքեց Սուլթան Քապուսի հետ: Իսրայէլ փորձեց «փափուկ քաղաքականութիւն» խաղալ, սակայն միեւնոյն ժամանակ՝ իրանեան կողմին նախազգուշացնել, որ կրնայ հասնիլ մինչեւ Պարսից Ծոց:

13 Օգոստոսին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Իսրայէլ եւ ԱՄԷ-ը հաշտութեան պայմանագիր մը պիտի ստորագրեն: Ըստ համաձայնութեան, Իսրայէլի եւ Արաբական Էմիրութիւններուն միջեւ կնքուեցան առեւտրային, գիտական եւ տնտեսական համաձայնագրեր: Գալով դիւանագիտական յարաբերութեանց, յստակ չէ թէ արդեօք Էմիրութիւնները իր դեսպանատունը պիտի բանայ Երուսաղէմի՞ մէջ, կամ թէ՞ Թէլ Աւիւի մէջ: Երկու երկիրներուն միջեւ արդէն իսկ կան ապահովական կապեր եւ որոշ գործակցութիւն՝ Լիպիոյ եւ Միջերկրական Ծովու արեւելեան ափերուն մէջ:

 Այս բոլորէն բացի հարկ է նաեւ հաշուի առնել, որ Իսրայէլի եւ ԱՄԷ-ին միջեւ գաղտնի մակարդակի յարաբերութիւնները նորութիւն մը չեն։ Այդ մասին կարեւոր տեղեկութիւն հաղորդած է իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան մասնագէտ՝ Եոսի Մելման, որ «Հաարեց» օրաթերթին մէջ գրելով կը նշէ, որ երկու կողմերու գաղտնի սպասարկութիւնները 1970-ականներէն սկսեալ կապի մէջ եղած են։ Մելմանի համաձայն, 1994-ին Օսլոյի համաձայնութենէն ետք, երկու երկիրներու գաղտնի սպասարկութեան պետերուն միջեւ կային բարեկամական յարաբերութիւններ եւ գաղտնի տեսակցութիւններ, որոնք երբեմն տեղի կ'ունենային Տուպայի մէջ, ու նաեւ Իսրայէլ հետախուզական սարքեր կը վաճառէր Միացեալ Էմիրութեանց: Սթիւ Հենտրիքսի համաձայն («Ուաշինկթըն Փոսթ», 15/8/2020) Իսրայէլ-ԱՄԷ համաձայնութիւնը կուտակում է տարիներու գաղտնի ապահովական գործակցութեան, որ սկիզբ առած է 2015-ին, երբ իսրայէլեան կողմը գրասենեակ մը բացաւ Տուպայի մէջ, որպէս ուժանիւթային ուսումնասիրական կեդրոն, սակայն, իրականութեան մէջ, այն ունէր դիւանագիտական առաքելութիւն, հիմնական նպատակ ունենալով՝ երկու կողմերը իրար մօտեցնել եւ քննարկել ապահովական խնդիրներ, որոնք կը մտահոգեն երկու տէրութիւնները։

 

Ի՞նչ շահեցաւ արաբական կողմը այս քայլէն:

«Քորոնա» ժահրի տարածումէն ետք, երբ համաճարակը շրջանային ու միջազգային առեւտուրին վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ, ԱՄԷ պէտք ունէր տնտեսական արտաքին ներդրումներու, իսկ տնտեսական բարգաւաճում արձանագրելու համար նաեւ պէտք ունէր յատկապէս գիտական եւ մասնագիտական նեդրումներու, ուստի երբ չինական նեդրումները սարեցան, Իսրայէլեան նեդրումները կարելիութիւնը ունէին զանոնք փոխարինելու։

Սակայն, այս բոլորին զուգահեռ, կայ նաեւ քաղաքական տեսլականը: Էմիրութիւնները, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը Միջին Արեւելքի մէջ կը կազմեն հակաթրքական եւ հակա- Իսլամ-Եղբայրութեան դաշինք մը: Այս դաշինքը օգտուելով Միջերկրականի արեւելեան ափին մէջ ստեղծուած տագնապէն, ոչ պաշտօնական դաշինք մը կազմեց Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Իսրայէլի հետ: Այս մէկը կը բխէր Իսրայէլի շահերէն, որովհետեւ այդպիսով Կազայի մէջ յաւելեալ արաբական ճնշում պիտի բանեցուէր «Համաս»ին վրայ:Պաղեստինեան դիմադրութիւնը՝ «Համաս»ը, որ մաս կը կազմէ «Իսլամ Եղբայրութեան» մեծ ընտանիքին, սերտ կապեր ունի Թուրքիոյ իշխանութեան եւ Իրանի հետ: Հետեւաբար, Իսրայէլ սերտ յարաբերութիւններ մշակելով Եգիպտոսի եւ ԱՄԷ-ու հետ, կ'ուզէ «Համաս»ը մեկուսացնել արաբական աշխարհին մէջ:

Այս համաձայնութեան զայրոյթով արձագանգեց Անգարան, որ քննադատեց Էմիրութիւնները եւ յայտարարեց, որ արաբական կողմը դաւաճանեց Պաղեստինեան դատը, մոռնալով, որ ինք ալ իր հերթին ապահովական եւ ռազմական համաձայնութիւններ ունի Թէլ Աւիւի հետ: Իրականութեան մէջ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի մտահոգութիւնը այն է, որ այսպիսով Անգարա կրնայ կտրուիլ Արաբական աշխարհէն եւ Արաբական Ծոցի երկիրները կը կազմեն հակա-թրքական դաշինք մը, եւ Անգարայի միակ դաշնակիցը կը մնայ Քաթարը, որուն քաղաքական ազդեցութիւնը շրջանին մէջ տկարացաւ վերջին տարիներուն:

Ըստ նոյն համաձայնութեան, Իսրայէլ պիտի յետաձգէր Պաղեստինի արեւմտեան ափի կցումը՝ Իսրայէլին, սակայն այնտեղ յստակ դիրքորոշում մը չտրուեցաւ Պաղեստինի կարգավիճակին: Այս մէկը զայրոյթ յառաջացուց պաղեստինեան կողմին մօտ, որ համաձայնութիւնը որակեց որպէս «դաւաճանութիւն»: Այս առիթէն օգտուեցաւ նաեւ Քաթար, որուն լրատուական միջոցները Էմիրութիւնները քննադատութեան թիրախ դարձուցին, մոռնալով, որ Տոհա 1996-էն արդէն առեւտրական յարաբերութիւն հաստատած էր Իսրայէլի հետ:

Իսրայէլցի քաղաքական վերլուծաբան Սէթ Ֆրանզմանի համաձայն («Ճերուսալեմ Բոսթ» 12/9/2020), ԱՄԷ-էն եւ Պահրէյնէն ետք, Իսրայէլ իր կարկինի տրամագիծը ընդլայնած է դէպի Սէուտական Արաբիա: Ըստ վերլուծաբանին, այս մէկը իրականացնելը դիւրին չէ, սակայն անկարելի ալ չէ, բայց այստեղ նկատի պէտք է առնել նաեւ Ռիատի աշխարհաքաղաքական հաշիւները: Սէուտական Արաբիան կ'աջակցի 2002-ի Արաբական Լիկայի որոշումին, որ կը թելադրէր երկու պետութեան ստեղծում, այսինքն՝ Իսրայէլի կողքին նաեւ գոյութիւն ունենայ Պաղեստինեան պետութիւն, 1967-ի սահմաններով, մայրաքաղաք ունենալով արեւելեան Երուսաղէմը: Սակայն Ռիատ ունի նաեւ մտահոգութիւն, որ երկրէն ներս, շիիթները, Իրանի աջակցութեամբ, խռովութիւններ կազմակերպեն եւ ներսէն հարուածեն արաբական թագաւորութիւնը: Ուստի շատ հաւանական է, որ Ռիատ ռազմական աջակցութիւն ակնկալէ Իսրայէլէն, անկէ Ֆ-35 ռազմական օդանաւեր գնելու եւ հարուածելու համար Հուսիներու կեդրոնները՝ Եէմէնի մէջ: Ռիատ նաեւ կը հաւատայ, որ Իսրայէլի աջակցութիւնը վայելելով կրնայ հաւասարակշռել Թուրքիոյ եւ Իրանի քաղաքական եւ ռազմական ազդեցութիւնն ու ներկայութիւնը շրջանէն ներս:

Այս բոլորէն մեկնած, կրնանք ըսել, որ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ, ռազմավարական կէտեր արձանագրեց արաբական դաշտին մէջ: Այսպիսով, շրջանային հաւասարակշռութիւնը կը փոխուի ի նպաստ Իսրայէլի եւ մինչեւ ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւնները, Իսրայէլ պիտի փորձէ այլ դիւանագիտական կէտեր եւս արձանագրել արաբական աշխարհին մէջ:

 

Եղիա Թաշճեան

Եղիա Թաշճեան

Եղիա Թաշճեան

Եղիա Թաշճեանը վերլուծաբան եւ հետազօտող է: Աւա...