image

Վրաստանի նախագահը կարեւորած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը

Վրաստանի նախագահը կարեւորած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը

Վրաստանը կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի բոլոր կէտերու շուրջ բանակցութիւններու աւարտը. այս մասին Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ըսած է Վրաստանի նախագահ Միխեիլ Քավելաշվիլին համատեղ մամուլի ասուլիսին։

«Վրաստանը հանդէս կու գայ երկխօսութեան միջոցով խաղաղութեան հասնելու եւ հակամարտութիւններու կարգաւորման օգտին: Տարածաշրջանի ամբողջ ներուժը կրնայ բացայայտուիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումէն ետք»,- յայտարարած է Վրաստանի նախագահը։

Ընդ որում, ան ընդգծած է, որ Վրաստանը միշտ աջակցած է եւ պիտի շարունակէ աջակցիլ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: