Իսրայէլի օդուժը յաջորդ տարուընէ պիտի սկսի նախապատրաստուիլ Իրանի միջուկային ծրագրին հարուածներ հասցնելու՝ ֆինանսաւորում յատկացնելով եւ թարմացնելով առաքելութեան վերապատրաստման ժամանակացոյցը:
2015 թուականի միջուկային գործարքի վերականգնման շուրջ ստեղծուած անորոշ իրավիճակի լոյսին տակ՝ Իսրայէլի պաշտպանական ուժերը վերջին ամիսներուն աշխուժացուցած են ջանքերը՝ նշանակալի ռազմական հարուած նախապատրաստելու Թեհրանի միջուկային կառոյցներու ուղղութեամբ:
2015-ին Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի ստորագրմամբ՝ Իսրայէլը մէկ կողմ դրաւ Իրանի միջուկային կառոյցներուն ուղղուած ռազմական հարուածներու մշակումը՝ պաշտպանական ուժերը կեդրոնացնելով այլ տարածաշրջաններու վրայ: Սակայն 2018 թուականին ԱՄՆ-ի՝ միջուկային գործարքէն դուրս գալուն զուգահեռ, որուն յաջորդեց նաեւ Իրանի կողմէ պարտաւորուածութիւններու կատարման մեղմացումը, խնդիրը կրկին կարեւորութիւն ստացաւ Իսրայէլի մէջ: