Իսլամական դրամատնային մրցանակաբաշխութեան (IRBA) 2021-ի մրցանակներէն մին տրուած է Abu Dhabi Commercial Bank-ին (ADCB Islamic Banking): Մրցանակը ստացած է մեր հայրենակից, ADCB-ի ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Շէմմեսեանը: ADCB-ն արաբական աշխարհի խոշորագոյն ֆինանսական կազմակերպութիււններէն մէկն է, հաշվեկշիռի չափով Արաբական Միացեալ Էմիրություններու երրորդ խոշոր դրամատունը, որ իր յաճախորդներուն կ'առաջարկէ առեւտրային եւ մանրածախ դրամատնային ծառայութիււններ: Հեղինակաւոր մրցանակը արաբական աշխարհի խոշորագոյն ֆինանսական կազմակերպութիււններէն մէկուն տրուած է «Լաւագոյն իսլամական մանրածախ դրամատնային պատուհան» անուանակարգով:
IRBA-ն իր տեսակի մէջ առաջին Իսլամական դրամատնային մրցանակային ծրագիրն է, որ հիմնուած է իսլամական դրամատնային արդիւնաւէտութեան կատարողականի խիստ վերլուծութեան վրայ: Մրցանակաբաշխութեան կոմիտէն կը յայտնէ, որ այս տարուայ մրցանակները շնորհուած են այն դրամատուներուն, որոնք կրցած են համընթաց ու ճկուն ըլլալ ամբողջ աշխարհի իսլամական դրամատնային յաճախորդներու աճող պահանջներուն հետ:
Մրցանակաբաշխութիւնն ու կալա-ընթրիքը տեղի ունցած են Տուպայի մէջ՝ անցեալ տարեվերջին: Այն կազմակերպած էր Քեմպրիճի հետազօտական ֆինանսական ծառայութիւնը, որ ֆինանսական ծառայութիւններու հետախուզական կարեւոր կեդրոն է: Այն մասնագիտացած է հզօր վերլուծական գործիքներու մշակման եւ օգտագործման մէջ՝ գնահատելու ելեւմտական տուեալները, մաքրոտնտեսական ցուցանիշները եւ հասկնալու շուկայի միտումները, առաջնորդութեան դիրքաւորումը եւ ապրանքանիշի զարգացումը, որոնք կը համապատասխանեն ֆինանսական ծառայութիւններու ոլորտի զարգացմանը համաշխարհային մասշտապով: IRBA-ի յաղթողները ցոյց կու տան, թէ ինչպէս իսլամական մանրածախ դրամատուները յաջողութեամբ ընդունած են թուային նորարարութիւնը, բարձրացուցած են իրենց գործառնական արդիւնաւէտութիւնը եւ յաճախորդներուն մատուցած նոր, բարելաւուած ծառայութիւններ: Իսլամական խոշորագոյն պանքը, ուր կ'աշխատի մեր հայրենակիցը, անցնող տարիներուն համապատասխանած է այդ չափանիշին: Մրցանակաբաշխութեան կոմիտէն միաժամանակ կը նշէ, որ դիտարկուած են նաեւ աշխարհի աւելի քան 130 իսլամական մանրածախ պանքեր որոնցմէ ընտրուած են լաւագոյնները: