Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առիթով։
«Յարգելի՛ Նիկոլ Վովայի,
Ընդունեցէ՛ք շնորհաւորանքներս Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային տօնին՝ Անկախութեան օրուան առիթով։
Ձեզի կը մաղթեմ քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ բարեկամ հայ ժողովուրդին՝ բարօրութիւն եւ բարգաւաճում»,– ըսուած է ուղերձին մէջ։