Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը յայտարարած է, որ յարձակած է Սուրիոյ ալ-Թանֆ ռազմակայանին մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներու յատուկ գործողութիւններու հրամանատարական կեդրոնի վրայ։ Այս մասին հաղորդած է Tasnim լրատուական գործակալութիւնը։
Հարուածը կատարուած է՝ ի պատասխան Իրանի հարաւ-արեւելքը գտնուող ռազմակայնի դէմ ԱՄՆ-ի կողմէ վերջերս կատարուած հրթիռային յարձակման, որու հետեւանքով իրանական բանակի «Իրանշահր» զօրագունդի եօթ զինուորականներ զոհուած են։
«Հորմուզի նեղուցի ամբողջական վերահսկողութիւնը կը մնայ մեր քաջարի մարտիկներու ձեռքին, եւ քանի դեռ կը շարունակուին Միացեալ Նահանգներու յարձակողապաշտ գործողութիւնները, այս տարածաշրջաններէն ո՛չ մէկ կաթիլ նաւթ կամ կազ պիտի արտահանուի»,– զգուշացուցած է Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը։
Իրանական կողմը նշած է, որ յուլիս 15-ի վաղ առաւօտեան Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը ռազմակայանի հանրակացարաններուն, հիւրատուներուն եւ պահակակէտերուն ուղղութեամբ արձակած են 13 հրթիռ, որոնք միտումնաւոր թիրախաւորած են բնակելի կառոյցները՝ զոհերու թիւը աւելցնելու համար։
Միեւնոյն ժամանակ, կողմերը արդէն վեց օր է կը շարունակեն փոխադարձ հարուածները։