image

Հայ բռնցքամարտիկները յաղթանակով մեկնարկած են Եւրոպայի առաջնութիւնը

Հայ բռնցքամարտիկները յաղթանակով մեկնարկած են Եւրոպայի առաջնութիւնը

 

Պուլկարիոյ մէջ ընթացող բռնցքամարտի Եւրոպայի առաջնութեան հերթական մրցումային օրուան ընթացքին հայ մարզիկներէն յաղթանակ արձանագրած են աշխարհի առաջնութեան պրոնզէ մետալակիրներ՝ 50 քկ. քաշային Ռուդոլֆ Գարբոյեանն ու գեր-ծանր քաշային Դաւիթ Չալոյեանը։

Գարբոյեան յաղթած է փորթուկալցի Լէոնարտօ Ալմէյտային, իսկ Չալոյեան՝ ուքրանացի Տմիթրի Լովչեւսքիին։

Ինչպէս կը յայտնեն Հայաստանի Պռնցքամարտի ֆետերասիոնէն, այսօր՝ Սեպտեմբեր 21-ին, ռինկ դուրս պիտի գան երեք հայ բռնցքամարտիկներ։