Միացեալ Նահանգները յառաջիկայ տարիներուն կ՚ակնկալէ խորացնել գործընկերութիւնը Հայաստանի հետ։ Այս մասին նշուած է Հայաստանի Անկախութեան հռչակման 35-րդ տարեդարձին առիթով Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած ուղերձին մէջ։
«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անունով ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Հայաստանի ժողովուրդը Անկախութեան օրուան առթիւ։ Միացեալ Նահանգները Հայաստանի հետ միասին կը տօնէ ձեր անկախութեան վերականգնման 35-ամեակը եւ կ՚անդրադառնայ այն յառաջընթացին, որ ձեր երկիրը արձանագրած է դէպի աւելի խաղաղ, բարեկեցիկ եւ ժողովրդավարական ապագայ։
Նախորդ տարուան ընթացքին միասին արձանագրած պատմական յառաջընթացը ցոյց կու տայ, թէ ինչի կարելի է հասնիլ, երբ կ՚աշխատինք խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան ընդհանուր տեսլականի ուղղութեամբ։ Մենք կ՚ակնկալենքյառաջ մղել «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) նախաձեռնութիւնը, ամրապնդել տնտեսական կապերը, խրախուսել ամերիկեան ներդրումները եւ նպաստել Հայաստանի ու ամբողջ տարածաշրջանին համար նոր կարելիութիւններու բացման», նշուած է ուղերձին մէջ։
Մարքօ Ռուպիոն նաեւ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները յառաջիկայ տարիներուն կ՚ակնկալէ խորացնել գործընկերութիւնը Հայաստանի հետ։