image

Խաչվերացի տօնը հագեցած եւ տօնական օր էր Պելճիքայի Լիէժ քաղաքի եւ շրջակայքի հայ համայնքին համար

Խաչվերացի տօնը հագեցած եւ տօնական օր էր Պելճիքայի Լիէժ քաղաքի եւ շրջակայքի հայ համայնքին համար

Օրը մեկնարկեց Ս. Պատարագով, որուն մասնակցեցան շուրջ 150 հայ հաւատացեալներ։ Կէսօրէ ետք տեղի ունեցան խաչքարի օծման կարգ, դպրաց ձեռնադրութիւն եւ նորոգուած եկեղեցական սրահի բացման հանդիսութիւն։

Կիրակի, 13 Սեպտեմբերին, առաւօտեան, Պելճիքայի Լիէժ քաղաքի Սուրբ Խաչ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Խաչվերացի տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագ, զոր մատոյց հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղյ․ Պէսքիսիզեան։ Սուրբ Պատարագի քարոզէն ետք տեղի ունեցաւ մատաղի միսի օրհնութիւնը։ Աստուածային Սուրբ Պատարագէն վերջ կազմակերպուեցաւ Խաչվերացի աւանդական թափորը, որմէ ետք՝ պահպանիչ աղօթքով, եկեղեցւոյ գաւիթին առջեւ հաւատացեալներուն բաժնուեցաւ օրհնուած մատաղը։

Կեսօրէ ետք Լիէժ ժամանեց Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան՝ Լիէժի կաթողիկէ Ս. Ժիլ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղադրուած խաչքարի օծման կարգը կատարելու, ապա Ս. Խաչ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ՝ դպրաց ձեռնադրութիւնը կատարելու, ինչպէս նաեւ մասնակցելու եկեղեցւոյ նորոգուած սրահի բացման հանդիսութեան եւ տօնական ճաշկերոյթին։

Ս. Ժիլ եկեղեցւոյ մուտքին մօտ Խաժակ Սրբազանը դիմաւորուեցաւ Լիէժի հոգեւոր հովիւ Հայր Մաղաքիայի, Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւորներուն, ինչպէս նաեւ բարերար Պարոն Մուշեղ Մուշեղեանին եւ իր ընտանիքին կողմէ, որոնց նախաձեռնութեամբ խաչքարը կանգնեցուած էր՝ ի յիշատակ Հայոց անմահ նահատակներուն։

Խաչքարի բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պարոն Տիգրան Պալայեան, Լիեժի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Եպիսկոպոս Ժան-Փիեր Տէլվիլ, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ երգչախումբը եւ խորանի սպասաւորները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հիւրեր ու հայրենակիցներ։

📍 Խաչքարի օծումէն ետք Սրբազան հայրը ուղղուեցաւ դէպի Լիեժի Սուրբ Խաչ եկեղեցին՝ կատարելու համար դպրաց ձեռնադրութիւնը Լիեժի եւ Կէնք քաղաքի Հայ Առաքելական եկեղեցիներուն ծառայողներուն։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Անտվերպէնի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի ծուխի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Տիրայր վրդ. Յակոբեան, ինչպէս նաեւ խորանի սպասաւորները։ Դպրութեան աստիճանը ստացան չորս երիտասարդներ՝ Արամ Հովհաննիսեան, Արսէն Արամեան, Հայկ Սարգիսեան եւ Վարդան Մկրտչեան։ Ձեռնադրութենէն ետք Սրբազան հայրը իր շնորհաւորանքները փոխանցեց նորընծայ դպիրներուն, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը յայտնեց հոգեւոր հովիւ Հայր Մաղաքիային։

🎉Ձեռնադրութեան արարողութենէն ետք Սրբազան հայրը, հոգեւոր հայրերը եւ եկեղեցւոյ ծառայողները թափորով անցան եկեղեցւոյ նորակառոյց սրահը, ուր աղօթքով բացուեցաւ նորոգուած սրահը՝ աւանդական ժապաւէնի կտրումով։ Ժապաւէնը կտրեցին Սրբազան հայրը, Հոգշ. Տ. Մաղաքիա, եւ սրահի վերանորոգութեան աշխատանքներուն մասնակցող Լիեժի հայ համայնքի զաւակները։ 

Բացման հանդիսութենէն ետք Սրբազան հայրը եւ բոլոր հաւատացեալները համախմբուեցան ծխական խորհուրդի անդամներուն եւ Տիկնանց Միութեան կողմէ պատրաստուած տօնական ընթրիքի սեղանին շուրջ, ուր տիրեց ջերմ ու ուրախ մթնոլորտ։