Աճարական խաչապուրին աշխարհի լաւագոյն պանրային ուտեստներու վարկանիշին մէջ գրաւած է երկրորդ տեղը՝ զիջելով միայն յունական սականաքիին։
Վարկանիշը հրապարակած է միջազգային խոհարարական հարթակ Taste Atlas-ը, կը յայտնեն վրացական լրատուամիջոցները։
«Աշխարհի 100 լաւագոյն պանրային կերակուրներու» ցանկին մէջ ընդգրկուած են նաեւ վրացական այլ կերակուրներ։ Խաչապուրին՝ որպէս ընդհանուր տեսակ, գրաւած է 7-րդ տեղը, իմերեթական խաչապուրին՝ 13-րդ, իսկ շերտաւոր խաչապուրին՝ 16-րդ տեղը։
Վարկանիշները կը կազմուին օգտատէրերու գնահատականներուն հիման վրայ։