«Հըզպալլա»-ի զինեալ խմբաւորման մարտիկները հարուածներ հասցուցած են Իսրայէլի Վերին եւ Արեւմտեան Կալիլէայի բնակավայրերուն՝ արձակելով աւելի քան 70 հրթիռ։ Այս մասին հաղորդած Al Hadath հեռուստակայանը։
Ըստ անոր տուեալներուն՝ անոնց մեծ մասը որսացած է «Երկաթէ Գմբէթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը կամ ինկած են անմարդաբնակ տարածքներու մէջ՝ վնաս չպատճառելով։
«Հըզպալլա»ն իր ռազմական հաղորդագրութեան մէջ յայտարարած է, թէ գրոհած է իսրայէլեան բանակի դիրքերը եւ ճամբարները Ավիւիմի, Եարոնի, Կիրեաթ Շմոնայի, Մեթուլայի եւ Էվեն Մենահեմի մէջ։
«Իսլամական դիմադրութեան ջոկատները հրթիռային հարուածներ հասցուցած են Կաաթոնի մէջ 146-րդ զրահաթանկային զօրաբաժնի շտաբին, Ռամոթ-Նաֆթալիի մէջ թշնամի ուժերու զօրանոցին եւ Թվերիայի շրջակայքը գտնուող բանակային յենակէտին»,– նշուած է գրութեան մէջ։
Հարաւային Լիբանանի տարածք մտած իսրայէլեան յատուկ ստորաբաժանումներուն դէմ իրականացուած զինեալ գործողութիւններու ընթացքին «Հըզպալլա»-ի մարտիկները խոցած են թշնամիի չորս Merkava հրասայլ եւ «երկիր-օդ» դատի հրթիռով խոցած են Hermes 450 անօդաչու թռչող սարքը Այնաթա քաղաքի վերեւը։