Թուրքիա- Թրքական «ASIMDER» (այսպէս կոչուած՝ հայկական անհիմն պնդումներու դէմ կազմակերպութիւն) հակահայկական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Իրֆան Էրմիշ յայտարարած է, որ իրենց կազմակերպութիւնը պիտի խոչընդոտէ հայերուն կողմէ Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տարեկան Ս. պատարագի մատուցումը։ Ըստ թրքական «Միլլիյէթ» թերթի կայքին՝ վերջինս որպէս պատարագի անցկացումը խոչընդոտելու պատճառ նշած է այն, որ իբր թէ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց արտօնութիւնը չեն տուած նամազ կատարելու Երեւանի կեդրոնը գտնուող Կապոյտ մզկիթին մէջ:Էրմիշ յայտարարած է, որ այդ հարցին մէջ պիտի համագործակցին տեղւոյն հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ աշխատանք պիտի տանին Վանի բնակչութեան հետ:Ազգայնական ու հակահայ գործիչը պնդած է նաեւ, որ Ս. Խաչ եկեղեցին «կառուցած են քրիստոնեայ փեճենեք թուրքերը»:Նշենք, որ Երեւան գտնուող Կապոյտ մզկիթին մէջ նամազ ընելու համար մուտքի արտօնագիր եւ անվտանգութեան երաշխիքներ ստանալու նպատակով «ASIM-DER»ը նախորդ տարուան Սեպտեմբերին պաշտօնապէս դիմած էր Իրանի եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուներուն:Կազմակերպութեան նախագահ Կէօքսէլ Կիւլպէյ այս մասին կատարած իր յայտարարութեան մէջ նշած էր, որ իրենք Իրանի եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուներուն դիմած են, երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընթացք չէր տուած մուտքի արտօնագիրի եւ անվտանգութեան երաշխիքի համար ներկայացուցած իրենց պաշտօնական դիմումին: