Փարիզի Էլիզեան դաշտերուն մէջ մեքենան մխրճուած է երկրպագուներու ամբոխի մէջ՝ «Չեմփիընզ լիկ» ֆութպոլային խաղին Փարիզի Սեն Ժերմեն ակումբի յաղթանակի տօնակատարութեան ժամանակ, յայտնած է Le Parisien թերթը։ Վիրաւորուած է երեք մարդ, որոնցմէ մէկու վիճակը ծանր է։
Թերթի տեղեկութիւններով՝ մեքենայի վարորդը փորձած է փախուստի դիմել՝ ընթացքին հարուածելով երեք երկրպագուներու։ Երկրպագուները դուրս քաշած են վարորդին եւ այրած մեքենան, պատմած են ականատեսները։ Վարորդի ճակատագիրը դեռ անյայտ է։
«Չեմփիընզ լիկ» կիսաեզրափակչի պատասխան խաղին Փարիզի Սեն Ժերմենի` Լոնտոնի «Արսենալ»-ի նկատմամբ 2:1 հաշուով տարած յաղթանակէն ետք փարիզեան ակումբի երկրպագուները զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպած են: Երկրպագուները ջարդած են խանութներու ցուցափեղկերը, քարեր նետած ոստիկաններու ուղղութեամբ, օգտագործած պայթուցիկ ազդանշանային սարքեր։ Ի պատասխան՝ իրաւապահներն արցունքաբեր կազ ու մահակներ կիրառած են։ Հաղորդուած է, որ ձերբակալուած է 43 մարդ։