image

Փաշինեան դրական գնահատած է Մոսկուա կատարած իր այցը

Փաշինեան դրական գնահատած է Մոսկուա կատարած իր այցը

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շատ յաջող կը գնահատէ իր այցը Մոսկուա, որու շրջածիրէն ներս հանդիպում ունեցած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։

ՀՀ վարչապետն այդ մասին ըսած է լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ՝ պատասխանելով հարցին, թէ այցի շրջածիրէն ներս ի՞նչ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են։

«Մի շարք ուղղութիւններով ձեռք ենք բերել կոնկրետ պայմանաւորուածութիւններ, գործնականում մեր օրակարգի բոլոր ուղղութիւններով ենք ձեռք բերել կոնկրետ պայմանաւորուածութիւններ՝ մշակոյթից սկսած, ռազմատեխնիկական համագործակցութեամբ աւարտած։ Եւ այցը գնահատում եմ շատ յաջող»,-ըսած է վարչապետը։

ՀՀ վարչապետն աշխատանքային այցով Մոսկուա մեկնած էր ապրիլ 1-ին։ Այցի շրջածիրէն ներս ՀՀ վարչապետը հանդիպած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։