27 Յունուարին Պաղտատի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը հանդիսաւոր կերպով Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագիր յանձնած է Իրաքի Քիւրտիստանի Տհոք քաղաքէն հայուհի Երեւան Ամինեանին։ Այս մասին կը տեղեկանանք դեսպանատունէն:
Երեւան Ամինեան Տհոքի այն քիչ թիւով հայերէն է, որ մնացած է Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ եւ պահպանած է հայութիւնը: Տհոքի մէջ կը գործէ նաեւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայ առաքելական եկեղեցին: