image

Իրաքի թեմ.  Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման առթիւ տեղի ունեցած է գեղարուեստական երեկոյ 

Իրաքի թեմ.  Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման առթիւ տեղի ունեցած է գեղարուեստական երեկոյ 

Հովանաւորութեամբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի, օրերս Պաղտատի մէջ, կազմակերպուած է գրական-գեղարուեստական երեկոյ՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ յիշատակին

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքահայոց թեմի առաջնորդարանի տեղեկատուական գրասենեակէն։

Ստորեւ՝ լրատւութիւնը ամբողջութեամբ։

Հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի՝ Ուրբաթ 25 Ապրիլ 2025ին, Առաջնորդարանի առընթեր գործող Հայ Դատի յանձնախումբը,  մասնակցութեամբ Պաղտատի մէջ գործող Հայ միութենական հաստատութեանց,  կազմակերպեց գրական-գեղարուեստական երեկոյ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ յիշատակին: Յուշահանդէսը տեղի ունեցաւ Ի.Հ.Բ.Ը. Միութեան սրահին մէջ:  Միջոցառման  հնչեցին Հայրենասիրական երգեր,  բանաստեղծութիւններ և  օրուան պատշաճ թէ՛ հայերէն և թէ՛ արաբերէն լեզուներով ոգեշնչող խօսքեր։

Ազգանպատակ այս երեկոյթին Ներկայ եղան` Իրաքահայ Թեմի նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը, որոշ Եկեղեցիներու Առաջնորդներ, Հոգեւորականաց դասը,  ՀՀ Դեսպան Պրն. Ռուբէն Սողոյեանը, Դեսպանութեան հիւպատոս Օրդ. Զարուհի Ներսէսեանը:   Իրաքի Քրիստոնէութեան Աւանդապահութեան նախագահ դոկտոր Րամի Ժոզէֆ Սուլտուզեանը, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները, Պաղտատի մէջ գործող Հայ միութենական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄ-Ի և Բարեգործական միութեան Սկաուտութիւնը ինչպէս նաեւ օտարազգի գիտաշխատողներ եւ հիւրեր: