image

Իրաքի նախագահ. Զօրավար Սիւլէյմանին մասնակից եղաւ Իրաքի ազատագրման

Իրաքի  նախագահ. Զօրավար Սիւլէյմանին մասնակից եղաւ Իրաքի ազատագրման

Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալէհը ըսած է. «Հրամանատար Սիւլէյմանին մեր մօտ եկաւ դժուարին պահուն եւ մասնակցեցաւ մեր երկիրը ՏԱՀԷՇ-էն փրկելու գործին»։

«Նահատակութեան եւ ինքնիշխանութեան օրեր» խորագրով, Ժողովրդական իշխանութեան կազմակերպած տօնակատարութեան ժամանակ, երկու առաջնորդներու՝ Քասէմ Սիւլէյմանին եւ Ապու Մահտի Մուհանտիսի նահատակութեան երկրորդ տարելիցին, Սալէհ խօսած է երկու նահատակներու դերին մասին ՏԱՀԷՇ-ի եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ:

Սալէհ ընդգծած է տարածաշրջանին մէջ արմատացած ճգնաժամերուն վերջ դնելու անհրաժեշտութիւնը՝ որպէս հրատապ անհրաժեշտութիւն, սկսեալ կայուն Իրաք ունենալէն, եւ ըսած է, որ «այսօր մենք ունինք ազգային մեծ պատասխանատուութիւն՝ ամրապնդելու եւ պաշտպանելու յաղթանակը, կտրելու ահաբեկչութեան ճանապարհը եւ պաշտպանելու ազգային խաղաղութիւնը»։

Իրաքի ժողովրդական վարչութեան ղեկավար Ֆալէհ Ֆայատը իր հերթին ըսած է, որ «մենք կառավարութեան հետ կը շարունակենք ւործակցիլ օտարերկրեայ ուժերու դուրսբերման համար»։