Ուքրանիան պիտի մասնակցի ՆԱԹՕ-ի զինուորական վարժանքներու ծրագրաւորման աշխատանքներուն։
Այս մասին «Ուքրինֆորմ»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին խօսած է ՆԱԹՕ-Ուքրանիա կեդրոնի ծրագիրներու իրականացման տնօրէնը եւ Ուքրանիոյ աւագ ազգային ներկայացուցիչ Վալերի Վիշնեւսքին։
«2027 թուականէն սկսեալ, Ուքրանիոյ պիտի արտօնուի մասնակցիլ այս զինուորական վարժանքներուն ոչ միայն անոնց իրականացման, այլեւ ծրագրաւորման փուլին։ Այսպիսով, մենք պիտի կարենանք մշակել իրատեսական սենարներ»,– նշած է ան։