«Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ Արեւմուտքը պէտք է նոր եւ կառուցողական մօտեցում ցուցաբերէ»։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ղեկավար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեանը ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար՝ Ժոզէփ Պորելի հետ հեռախօսազրոյցով, հաղորդած է Mehr-ը։
Ան նշած է, որ եթէ միւս կողմերը պատրաստ ըլլան վերադառնալ պարտաւորութիւններու լիարժէք կատարման ու պատժամիջոցներու չեղեալ համարելու, ապա համաձայնագիրը կրնայ ձեռք բերուիլ Վիեննայի բանակցութիւններու ընթացքին սեղմ ժամկէտներով։
Ան ընդգծած է, որ պէտք են յուսալի եւ բաւարար երաշխիքներ, որ ԱՄՆ-ը կրկին չհրաժարիր գործարքէն։
Պորել ընդգծած է, որ Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի (ԳՀՀԾ) գործարքի թարմացումը պատժամիջոցներու չեղեալ համարելու միակ միջոցն է։ Ան աւելցուցած է, որ այդ կապակցութեամբ Իրանի իրաւունքները կ'իրացուին, եւ միջազգային հանրութիւնը կրնայ վստահ ըլլալ, որ Իրանի կորիզային ծրագիրը խաղաղ բնոյթ կը կրէ։
Վերջաւորութեան ան յոյս յայտնած է, որ կողմերը Վիեննայի բանակցութիւններուն կ'երթան դրական եւ գործնական մօտեցումով եւ չլուծուած հարցերը քննարկելու ու պատժամիջոցները չեղեալ համարելու հաստատակամութեամբ։