Իրանի նոր գերագոյն առաջնորդ Մոժթապա Խամենէին «ծանր վիճակի մէջ» է եւ չի կրնար մասնակցիլ որոշումներու կայացման։ Այս մասին նշուած է ամերիկա-իսրայէլեան հետախուզութեան կողմէ Ծոցի երկիրներու դաշնակիցներուն տրամադրուած դիւանագիտական փաստաթուղթին մէջ, որ արտահոսքի հետեւանքով յայտնուած է բրիտանական The Times պարբերականի տրամադրութեան տակ։
Մասնաւորապէս, փաստաթուղթին մէջ գրուած է, որ Խամենէին անգիտակից վիճակի մէջ կը գտնուի եւ բուժում կը ստանայ շիա իսլամներուն համար սրբազան համարուող իրանական Ղոմ քաղաքին մէջ։
«Մոժթապա Խամենէին կը բուժուի Ղոմի մէջ՝ ծանր վիճակի մէջ, անկարող մասնակցելու վարչակարգին կողմէ որոշումներու կայացման»,– ըսուած է փաստաթուղթին մէջ։
Մոժթապան Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնին փոխարինած էր իր հայրը՝ այաթոլլա Ալի Խամենէին, որ սպաննուած էր Թեհրանի մէջ, Փետրուար 28-ին, Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի յարձակման հետեւանքով։
Մարտ 8-ին Իրանի նոր գերագոյն առաջնորդ հռչակուելէն ետք, Մոժթապա Խամենէին մինչեւ այսօր չէ ներկայացած հանրութեան առջեւ, ինչը առիթ կու տայ շատերուն կարծելու, որ ան վիրաւոր է եւ վատ վիճակի մէջ կը գտնուի։
Ամերիկեան կողմը բազմիցս յայտարարած է, որ Մոժթապան վիրաւոր է։ Իրանական կողմը աւելի վաղ հաստատած էր անոր վիրաւոր ըլլալուն մասին լուրերը, սակայն նշած էր, որ ատոնք աննշան են եւ անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար։