image

Իրանին կոչ՝ «Դադրեցնել միջուկային գործառոյթները»

Իրանին կոչ՝ «Դադրեցնել միջուկային գործառոյթները»

«Մեծ եօթնեակի» երկիրները կոչ ըրած են Իրանին դադրեցնելու միջուկային ծրագրի զարգացումը։ Այս մասին ըսուած է G7-ի երկիրներու առցանց գագաթնաժողովի արդիւնքներով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

«Մենք նախկինի պէս վստահ ենք, որ Իրանը երբեք պէտք չէ միջուկային զէնք ստեղծէ, եւ մենք կրկին կը յայտարարենք, որ Իրանը պէտք է դադրեցնէ իր միջուկային ծրագրի շարունակական թէժացումը, որ չունի համոզիչ քաղաքացիական հիմնաւորում եւ վտանգաւոր կերպով կը մօտենայ զէնքի վերաբերեալ իրական գործողութիւններուն», -ըսուած է Ճափոնի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած փաստաթուղթին մէջ։

«Մեծ եօթնեակի» երկիրները նաեւ կոչ ըրած են Իրանին «կատարելու իր իրաւական եւ քաղաքական պարտաւորութիւնները» միջուկային զէնք չտարածելու հետ կապուած՝ ձեռնարկելով հրատապ միջոցներ, այդ շարքին՝ Աթոմային ուժի միջազգային գործակալութեան (ՄԱԳԱՏԷ) հետ լիարժէք եւ անվերապահ համագործակցութիւնը: