image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի միջուկային ծրագիրը՝ նոր աշխարհակարգի վճռորոշ փորձաքարը

Իրանի միջուկային ծրագիրը՝ նոր աշխարհակարգի վճռորոշ փորձաքարը

Մինչ այդ, ամբողջ շրջանը կը շարունակէ ապրիլ անորոշութեան մէջ։ Ամէն նոր հանդիպում, ամէն նոր յայտարարութիւն եւ ամէն նոր հետախուզական տեղեկութիւն կրնայ փոխել քաղաքական հաշուարկները։ Այդ իսկ պատճառով ներկայ հանգրուանը աւելի շատ կը յիշեցնէ երկարատեւ ռազմավարական դիմակայութիւն, քան վերջնական լուծման մօտեցող ճգնաժամ։  Արդեօք յառաջիկայ ամիսները պիտի բերեն նոր համաձայնութիւն, թէ նոր ռազմական բախում, այսօր դժուար է կանխատեսել։ Բայց մէկ բան յստակ է. Իրանի միջուկային թղթածրարը կը շարունակէ մնալ Միջին Արեւելքի քաղաքականութեան առանցքը, իսկ անոր շուրջ կայացուող որոշումները պիտի ձեւաւորեն ոչ միայն տարածաշրջանի, այլ նաեւ միջազգային քաղաքականութեան յաջորդ փուլը։

Թրամփ-Նաթանիահու հանդիպումը՝ «դրական», բայց անորոշ

 Օրերս ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Սպիտակ տան մէջ շուրջ իննսուն վայրկեան տեւած հանդիպում ունեցած են, որուն հիմնական օրակարգը Իրանի միջուկային ծրագիրն էր։ Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը, արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն, պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսէթը, Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան տնօրէն Ճոն Ռաթքլիֆը եւ նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆը։ Երկու կողմերն ալ վերահաստատած են, թէ իրենց ընդհանուր նպատակը Իրանը միջուկային զէնք ունենալէ զրկելն է։

Իսրայէլեան եւ ամերիկեան որոշ լրատուամիջոցներ հանդիպումը ներկայացուցած են որպէս «շատ դրական» եւ «արդիւնաւէտ»։ Նաթանիահուն յայտարարած է, թէ Թրամփի հետ ունեցած իր զրոյցը եղած է ամէնէն յաջողներէն մէկը՝ շեշտելով երկու երկիրներու ամբողջական համագործակցութիւնը Իրանի հարցով։ Սակայն, ըստ իսրայէլացի  վերլուծաբաններու, Նաթանիահուն այս անգամ Սպիտակ տուն հասած է աւելի սահմանափակ քաղաքական ազդեցութեամբ, թէեւ ներկայացուցած է նոր հետախուզական տեղեկութիւններ Իրանի միջուկային գործունէութեան մասին։

Պատերազմի վերսկսման կոչեր եւ աճող լարուածութիւն

Հանդիպումին զուգահեռ Իսրայէլի մէջ աւելի բարձրացած են Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւնները վերականգնելու կոչերը։ Նախարար Էլի Քոհէն յայտարարած է, թէ Իրանի հետ համաձայնութիւնը արժէք չունի եւ անհրաժեշտ է «աւարտել առաքելութիւնը», մինչդեռ Քնեսեթի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահ Պոազ Պիսմութ նշած է, որ ներկայ փուլը ընդամէնը ժամանակաւոր դադար մըն է, իսկ պատերազմի երրորդ փուլը  դեռ «առջեւում» է։

Միւս կողմէ, Թրամփը նախապէս շեշտած էր, թէ Միացեալ Նահանգները ամբողջովին կը հետեւի Իրանի միջուկային գործունէութեան եւ անհրաժեշտութեան պարագային կրնայ նոր հարուածներ հասցնել։ Այդ ընթացքին իսրայէլեան անվտանգութեան կառոյցները զգուշացուցած են, թէ Իրանը կը սաստկացնէ իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դէմ գործողութիւններ կազմակերպելու  սպառնալիքները, որուն  հետեւանքով ուժեղացուած են անոնց պաշտպանական միջոցառումները։

Այս բոլոր զարգացումները կը վկայեն, որ թէեւ պատերազմական գործողութիւնները ներկայիս չեն վերսկսած, սակայն քաղաքական եւ ռազմական մթնոլորտը կը շարունակէ մնալ խիստ լարուած։ Ուաշինկթըն հրապարակաւ կը շարունակէ խօսիլ դիւանագիտական լուծումներու հնարաւորութեան մասին, մինչդեռ Թէլ Աւիւի քաղաքական շրջանակներուն մէջ օրըստօրէ կը զօրանայ այն համոզումը, թէ Իրանի միջուկային ծրագիրը կարելի չէ կանգնեցնել միայն բանակցութիւններով։ Այդ պատճառով ալ Իսրայէլ կը փորձէ միջազգային հանրութեան մէջ պահպանել այն ընկալումը, թէ ռազմական ընտրանքը ոչ միայն բաց կը մնայ, այլ նաեւ անհրաժեշտութեան պարագային կրնայ արագ գործադրուիլ։

Թրամփ–Նաթանիահու վերջին հանդիպումը առաջին հայեացքով կրնայ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ Ուաշինկթընն ու Թէլ Աւիւը ամբողջական համաձայնութեան հասած են Իրանի հարցով։ Սակայն հանդիպումի հրապարակային յայտարարութիւններուն եւ անոր ետին ընթացող քաղաքական շարժումներուն միջեւ նկատելի տարբերութիւն կայ։ Երկու մայրաքաղաքներն ալ կը համաձայնին, որ Իրանը պէտք չէ ունենայ միջուկային զէնք, բայց այդ նպատակին հասնելու միջոցներուն շուրջ ամբողջական նոյնութիւն չկայ։

Ամերիկեան վարչակազմը, առնուազն ներկայ փուլին, կը փորձէ ուժի սպառնալիքը օգտագործել որպէս բանակցային լծակ։ Թրամփի յայտարարութիւնները նոյնքան կը միտին ճնշում բանեցնել Թեհրանի վրայ, որքան վստահեցումներ տալ  Իսրայէլին, թէ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային գործելու։ Այլ խօսքով՝ Ուաշինկթընի համար պատերազմի սպառնալիքը նաեւ դիւանագիտական գործիք է։

Իսրայէլի մօտ պատկերը բոլորովին   այլ է։ Հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր  Իսրայէլի  անվտանգային մտածողութիւնը արմատական փոփոխութիւն ապրած է։ Թէլ Աւիւի ղեկավարութեան համար այլեւս անընդունելի է երկար սպասումը կամ միայն միջազգային ճնշումներու վրայ յոյս դնելը։ Այդ պատճառով ալ իսրայէլեան ղեկավարութիւնը կը շարունակէ ներկայացնել նոր հետախուզական տեղեկութիւններ եւ կը փորձէ ամերիկեան վարչակազմը համոզել, որ Իրանի միջուկային ծրագիրը հասած է այնպիսի հանգրուանի, ուր կանխարգելիչ հարուածը կրնայ դիտուիլ որպէս աւելի փոքր վտանգ, քան  երկար սպասելը։

Սակայն այստեղ կայ նաեւ քաղաքական այլ իրականութիւն։ Միացեալ Նահանգները ստիպուած է հաշուի առնել ոչ միայն Իրանի, այլ նաեւ ամբողջ շրջանի արձագանգը։ Լիբանանը, Իրաքը, Սուրիան, Ծոցի արաբական երկիրները եւ նոյնիսկ համաշխարհային տնտեսութիւնը ուղղակիօրէն պիտի ազդուին լայնածաւալ պատերազմէ մը։ Նաւթի միջազգային շուկաները, ծովային փոխադրութիւնները եւ համաշխարհային տնտեսական կայունութիւնը կրնան ծանր հարուած ստանալ։ Հետեւաբար, Ուաշինկթընի հաշուարկները շատ աւելի լայն են, քան միայն Թեհրան–Թէլ Աւիւ հակամարտութիւնը։

Իրանի համար ալ իրավիճակը դիւրին չէ։ Երկիրը կը գտնուի տնտեսական ծանր ճնշումներու տակ, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը փորձէ ցոյց տալ, որ արտաքին սպառնալիքները չեն կրնար ստիպել զինք հրաժարելու իր ռազմավարական առաջնահերթութիւններէն։ Թեհրանի ղեկավարութիւնը կը գիտակցի, որ որեւէ լայն պատերազմ կրնայ վտանգել ներքին կայունութիւնը, բայց նոյնքան կը գիտակցի, որ չափազանց մեծ զիջումները կրնան ընկալուիլ որպէս թուլութեան նշան։ Այս հակասական պայմանները կը դարձնեն իրավիճակը աւելի բարդ եւ անկանխատեսելի։

Այսօրուան իրականութիւնը այն է, որ Միջին Արեւելքը կը գտնուի ոչ թէ խաղաղութեան, այլ վերահսկուող լարուածութեան փուլին մէջ։ Դիւանագիտութիւնը եւ պատերազմի սպառնալիքը կը շարժին զուգահեռ գիծերով։ Բանակցութիւնները տակաւին չեն փակուած, բայց զէնքի լեզուն ալ ամբողջովին չէ լռած։ Աւելին, պատերազմի մասին խօսքը ինքնին դարձած է քաղաքական ճնշման միջոց, որուն միջոցով իւրաքանչիւր կողմ կը փորձէ աւելցնել իր բանակցային կշիռը։

Ահա թէ ինչու Թրամփ–Նաթանիահու հանդիպումը պէտք չէ գնահատել միայն անոր հրապարակային ժպիտներով կամ դրական յայտարարութիւններով։ Իրական քաղաքականութիւնը կը գրուի փակ դռներու ետին, ուր կը բախին ամերիկեան համաշխարհային շահերը եւ իսրայէլեան անվտանգային առաջնահերթութիւնները։ Այսօր այդ երկուքը կը համընկնին նպատակի մակարդակով, բայց ոչ անպայման ժամանակի, միջոցներու եւ գործողութիւններու ընտրութեան մէջ։

Մինչ այդ, ամբողջ շրջանը կը շարունակէ ապրիլ անորոշութեան մէջ։ Ամէն նոր հանդիպում, ամէն նոր յայտարարութիւն եւ ամէն նոր հետախուզական տեղեկութիւն կրնայ փոխել քաղաքական հաշուարկները։ Այդ իսկ պատճառով ներկայ հանգրուանը աւելի շատ կը յիշեցնէ երկարատեւ ռազմավարական դիմակայութիւն, քան վերջնական լուծման մօտեցող ճգնաժամ։  Արդեօք յառաջիկայ ամիսները պիտի բերեն նոր համաձայնութիւն, թէ նոր ռազմական բախում, այսօր դժուար է կանխատեսել։ Բայց մէկ բան յստակ է. Իրանի միջուկային թղթածրարը կը շարունակէ մնալ Միջին Արեւելքի քաղաքականութեան առանցքը, իսկ անոր շուրջ կայացուող որոշումները պիտի ձեւաւորեն ոչ միայն տարածաշրջանի, այլ նաեւ միջազգային քաղաքականութեան յաջորդ փուլը։

 

Սագօ Արեան 
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...