image

Իրանի նախագահը պիտի այցելէ Թուրքիա

Իրանի նախագահը պիտի այցելէ Թուրքիա

Նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին պաշտօնական այցի նպատակով հինգշաբթի՝ 4 դեկտեմբերի առաւօտեան, պիտի գլխաւորէ բարձրաստիճան քաղաքական եւ տնտեսական պատուիրակութիւնը Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարա։

Այս մասին կը տեղեկանանք «ԻՌՆԱ» իրանական լրատուական գործակալութենէն:

«Այաթոլլա Սէյիտ Իպրահիմ Ռայիսին այցի ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի Պաշտօնական ընդունելութենէն ետք անոր հետ մասնաւոր հանդիպում պիտի ունենայ, իսկ յետոյ պիտի կայանայ Իրանի եւ Թուրքիոյ համագործակցութեան բարձրագոյն խորհուրդի ութերորդ նիստը ՝ երկու նախագահներու նախագահութեամբ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: